Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 12, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ շեշտեց, որ արաբական երկիրները պէտք է մասնակից դառնան սուրիացի գաղթականները հիւրընկալելու պատասխանատուութեան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Քարամէ հաստատեց, որ Լիբանանի համար փրկութիւն չկայ, բացի ընտրական արդիական օրէնքի մը որդեգրումով, որուն իբրեւ արդիւնք կարելի պիտի ըլլայ կազմել երիտասարդ ղեկավարներու փաղանգ մը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ յայտնեց, որ Ուաշինկթընի կողմէ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Լիբանանի մասնաճիւղի կրթական սնտուկին կատարուած է 10 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ իշխանութեան տարիները կ՛աւարտին, իսկ իշխանաւորները չեն գիտնար, որ փոփոխութիւնն ու բարեկարգումը անհրաժեշտութիւն դարձած են: «Աստուած հոգիները լուսաւորէ Լուիս ԺԶ.-ի եւ Մարի Անթուանեթի», աւելցուց ան:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի նոր դեսպան Էմմանուել Պոնը, որուն ներկայութեան յոյս յայտնեց, որ երկրին հանրապետութեան նախագահը ընտրուի, նախքան Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռոնի Արայժի յայտնեց, որ աղբերու տագնապին լուծման մասին երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի ներկայացուցած ծրագիրը իտէալական չէ, սակայն անիկա լաւագոյնն է:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ ազգային երկխօսութեան նիստը ժխտական չէր, սակայն կարելի չէ նաեւ զայն դրական կոչել:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդգծեց, որ ժողովրդային հանրաքուէով հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը կարիքը ունի սահմանադրութեան փոփոխութեան, որ այս հանգրուանին անկարելի է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ Սայֆիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու շրջանային իրադարձութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ յայտնեց, որ իրենք պահանջած են հարցաքննել նախարար Ժըպրան Պասիլը, որ 700 միլիոն տոլար մսխած է ելեկտրականութեան մարզի բարելաւման նպատակով, սակայն ոչ մէկ վայրկեան յաւելեալ ելեկտրականութիւն հայթայթած ժողովուրդին:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ կառավարութիւնը պայքարի եւ ընդհարումի դաշտ մըն է, որպէսզի կարենանք իրականացնել մեր նպատակներն ու պահանջները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ ուժանիւթի եւ ելեկտրականութեան թղթածրարին հարցով փտածութեան պատասխանատուութիւնը պէտք է որոնել նախարար Ժըպրան Պասիլի մօտ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալի Քանսօ հաստատեց, որ ազգային երկխօսութեան նիստը ամիսներու վրայ պէտք է երկարի` համաձայնութեան յանգելու համար:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ քաղաքապետարանները կրնան աղբերու թղթածրարը ստանձնել, պայմանաւ որ անոնց համապատասխան կարելիութիւններ ընծայուին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ ազգային երկխօսութիւնը օժանդակած է կառավարութեան աշխատանքը տեղքայլէն դուրս բերելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ եթէ նախագահական ընտրութեան շուրջ համախոհութիւնը կարելի չըլլայ գոյացնել, ապա ազգային երկխօսութիւնը պիտի չշարունակուի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շարպել Նահհաս նշեց, որ ինք քաղաքացիական ընկերութեան չորեքշաբթի օրուան ցոյցին մասնակցած է` տապալելու համար այս ապօրինի իշխանութիւնը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, եւրոպական կողմեր խորհուրդներ տուած են Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի` Սուրիոյ տագնապին գծով մէկ քայլ ետ առնելու:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ սուրիացի ժողովուրդը պիտի յաղթէ ահաբեկչութեան եւ հաւատադրժողական խմբաւորումներուն:

 

Նախորդը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Քուէարկեց Ի Նպաստ ՄԱԿ-ի Կեդրոնատեղիին Մէջ Պաղեստինի Դրօշի Բարձրացման

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Ծովային Շրջանին Մէջ Բողոքի Նստացոյց` Աղբանոցի Վերաբացումին Դէմ

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Կիպրոս Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Կիպրոս Այցելեց

Յուլիս 10, 2025
ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վարչապետարան
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վարչապետարան

Յուլիս 10, 2025
Պարրաք. «Ոչ Ոք Պիտի Շարունակէ Մինչեւ  Յառաջիկայ Տարի Բանակցիլ Լիբանանի Հետ. Թրամփ  Հոյակապ Կեդրոնացում Ունի,  Սակայն Համբերութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Պարրաք. «Ոչ Ոք Պիտի Շարունակէ Մինչեւ Յառաջիկայ Տարի Բանակցիլ Լիբանանի Հետ. Թրամփ Հոյակապ Կեդրոնացում Ունի, Սակայն Համբերութիւն Չունի»

Յուլիս 10, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?