Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարքը Այցելեց Լեռնալիբանանի Գիւղերը

Սեպտեմբեր 12, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

rayi_aley_9-11-15

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ ուղղուեցաւ Լեռնալիբանանի գիւղերը, ուր հանդիպումներ ունեցաւ տարբեր շրջաններու հոգեւոր պետերուն եւ քաղաքական հեղինակութիւններուն հետ:

Ռայի պատրիարքը իր այցելութեան ընթացքին շեշտը դրաւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութեան վրայ:

Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց երկրին իշխանաւորներուն եւ քաղաքական պատասխանատուներուն Լեռնալիբանանի բնակչութենէն դասեր քաղելու:

«Լեռնալիբանանի բնակչութիւնը հաշտութիւն գոյացուցած է եւ հեզասահ կենցաղ մը վերահաստատած: Հետեւաբար, ո՛վ քաղաքական անձնաւորութիւններ, հաշտուեցէ՛ք, ձեր երկիրը սիրեցէ՛ք, ձեր հանրապետութիւնը սիրեցէ՛ք եւ երկրին համար հանրապետութեան նախագահ մը ընտրեցէ՛ք, որպէսզի սահմանադրական բոլոր հաստատութիւնները կազմակերպուին եւ իրենց գործունէութեան վերսկսին», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով երկրին մէջ տիրող կացութեան` Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ երիտասարդներէն ոմանք հացադուլ կը կատարեն եւ արդէն հացադուլի 7-րդ օրուան մէջ կը գտնուին, սակայն անոնց ոչ ոք կ՛անդրադառնայ: «Իսկ երկիրը ողողած աղբերուն վարկաբեկիչ պատկերը խիստ մերժելի է, որովհետեւ անիկա վարկաբեկիչ է նաեւ մեր եւ մեր ազգային արժանապատուութեան հասցէին», ըսաւ ան:

Իր կարգին, շէյխ Նայիմ Հասան շեշտեց, որ իրենք եւս կը զօրակցին Ռայի պատրիարքին ուղղած նախագահական ընտրութիւն կատարելու կոչին` աւելցնելով, որ լիբանանցի երեսփոխաններուն պարտականութիւնն է ուղղուիլ խորհրդարան եւ ընտրել երկրին նախագահը:

Ռայի պատրիարքը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի հետ, որ շեշտեց, թէ ինք եւ իր եղբայրը` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կատարեալ կերպով համաձայն են Լեռնալիբանանի մէջ տիրող հաշտ մթնոլորտին` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն պահպանելու համար ազգային գոյակցութեան այդ բացառիկ մթնոլորտը:

Ռայի պատրիարքը այցելեց նաեւ Ալէյ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի հետ:

Ալէյի մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ քաղաքացիական ընկերութեան շարժումներուն մաս կազմող երիտասարդները պէտք է իրենց պահանջները ուղղեն` անյապաղ նախագահական ընտրութեան պահանջով:

 

 

 

Նախորդը

Պուրճ Համուտի Ծովային Շրջանին Մէջ Բողոքի Նստացոյց` Աղբանոցի Վերաբացումին Դէմ

Յաջորդը

«Կը Մերժենք Պուրճ Համուտի Աղբանոցին Վերաբացումը» Շեշտեց Ճորճ Գրիգորեան

RelatedPosts

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ  Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ

Մայիս 19, 2025
Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով  Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»

Մայիս 19, 2025
Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»

Մայիս 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?