Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նաամէի, Աքքարի Եւ Պեքաայի Քաղաքապետարանները Կը Մերժեն Շեհայէպի Ծրագիրն Ու Իրենց Շրջաններուն Մէջ Աղբանոցներու Գոյութիւնը

Սեպտեմբեր 11, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

No_9-10-15f

Երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի պատրաստած եւ կառավարութեան վաւերացումը ստացած աղբերու տագնապի լուծման ծրագիրը երէկ մերժուեցաւ Նաամէի, Աքքարի եւ Պեքաայի քաղաքապետարաններուն կողմէ, որոնք հաստատեցին, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն իրենց շրջաններուն մէջ աղբանոցներու գոյութիւնը:

Նաամէի քաղաքապետարանը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն, քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ կը մերժէ Նաամէի աղբանոցը 7 օրուան համար բանալու կառավարութեան որոշումը:

Քաղաքապետական խորհուրդը` ներկայութեամբ փոխքաղաքապետ Շարպել Մաթարի, շեշտեց, որ իրենք համաձայն չեն աղբանոցը նոյնիսկ մէկ ժամուան համար վերաբանալու:

Միւս կողմէ, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Նաամէի բնակիչները իրենց շրջանի աղբանոցին դիմաց բողոքի նստացոյց մը կատարեցին եւ մերժեցին Շեհայէպի ծրագիրը:

Նաամէի քաղաքապետը նստացոյցին ընթացքին շեշտեց, որ շրջանը յաւելեալ աղբ, ախտ եւ ջուրի ապականում չի հանդուրժեր: «Նաամէ ամբողջ Լիբանանին աղբերը կրելու կարողութիւնը չունի, իսկ մենք փողոցներուն պիտի հսկենք», ըսաւ ան:

Նաամէի աղբանոցին դիմաց կատարուած բողոքի նստացոյցին ընթացքին Պաորթայի քաղաքապետը շեշտեց, որ Նաամէի աղբանոցին 17 տարուան պատասխանատուն Շեհայէպն է:

Սայտայի քաղաքապետ Մոհամետ Սէուտի իր կարգին մերժեց դէպի շրջան աղբերուն փոխադրութիւնը` հաստատելով, որ աղբանոցին առումով քաղաքապետարանին նախապայմանները պէտք է ամբողջացնել եւ ապա համաձայնիլ աղբանոցի գոյութեան:

Այնճարի, Մաժտալ Այնճարի եւ Սուէյրիի քաղաքապետարանները եւս մերժեցին Մասնաայի մէջ աղբանոցի մը գոյութիւնը` շեշտելով, որ աղբանոցները պատճառ պիտի դառնան, որ շրջանին մէջ թոյներ արձակուին, յատկապէս նկատի ունենալով, որ այդ աղբանոցը Արեւմտեան Պեքաայի եւ Ռաշայայի ջուր հայթայթող Շամսին ակին մօտակայ շրջանին մէջ պիտի գտնուի:

Աքքարի բնակիչները երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին բողոքի նստացոյց մը կատարեցին Ապտէի հրապարակին վրայ` մերժելով Սրարի մէջ աղբանոցի մը գոյութիւնը: Անոնք կոչ ուղղեցին շաբաթ, 12 սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին մասնակցելու Թալ Ապպասի մէջ տեղի ունենալիք բողոքի նստացոյցին:

Բողոքի իբրեւ արտայայտութիւն Աքքարի բնակիչները կարճ ժամանակի համար փակեցին Ապտէի հրապարակը:

 

Նախորդը

Զօր. Սլէյման. «Պէտք Չէ Լիբանանցիներուն Ուշադրութիւնը Շեղել Թափուր Մնացած Նախագահական Աթոռէն»

Յաջորդը

«Ծրագիրը Ուսումնասիրել Շարունակելը Չի Նշանակեր Համաձայն Գտնուիլ Պուրճ Համուտի Աղբանոցին Վերաբացումին» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ  Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ

Մայիս 19, 2025
Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով  Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»

Մայիս 19, 2025
Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»

Մայիս 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?