Լիբանանը հարուածող աւազամրրիկը երէկ շարունակեց իր ընթացքը ամբողջ Լիբանանի տարածքին, յատկապէս Աքքարի, Պեքաայի, Սայտայի, Սուրի եւ Հասպայայի շրջաններուն մէջ:
Աւազամրրիկին պատճառով արձանագրուեցան շնչահեղձութեան այլ պարագաներ, որոնք անմիջապէս փոխադրուեցան հիւանդանոց:
Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանը հարուածող աւազամրրիկին պատճառով շնչահեղձ դարձած քաղաքացիներուն թիւը հասաւ երկու հազարի` աւելցնելով, որ նախարարութեան անձնակազմերը բոլոր շրջաններուն մէջ օժանդակեցին քաղաքացիներուն եւ բոլորին հետ գործակցեցան բժշկելու համար շնչահեղձ դարձած քաղաքացիները:
Սայտայի եւ Սուրի մէջ կեանքը սառեցաւ եւ երթեւեկը անկարելի դարձաւ:
Աքքարի մէջ եւս աւազամրրիկը պատճառեց շնչահեղձութեան պարագաներ:
Աքքարի դարմանատան պաշտօնեաները քաղաքացիներուն բերանակապեր բաժնեցին, որպէսզի անոնք պաշտպանուին աւազամրրիկին պատճառած փոշիէն:
Երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պէյրութի միջազգային օդակայանի օդերեւութաբանական գրասենեակը յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ աւազամրրիկը վերջ գտած է եւ ժողովուրդը սկսած է վերադառնալ իր բնականոն ընթացքին:
Միւս կողմէ, սակայն, Թալ Ամարա-Ռայյաք երկրագործական ուսումնասիրութեան կեդրոնի օդերեւութաբանական աղբիւրներ յայտնեցին, որ աւազամրրիկը պիտի շարունակուի մինչեւ վաղը` ուրբաթ, 11 սեպտեմբեր: