Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաշնուք Եւ Իպրահիմ Այցելեցին Յանցագործներու Ժամանակաւոր Արգելափակման Նորակառոյց Բանտը

September 22, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

mashnouk_9-21-15

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ կէսօրին այցելեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան տրամադրութեան տակ գտնուող յանցագործներու ժամանակաւոր արգելափակման նորակառոյց բանտը, որ կը գտնուի Թրիփոլիի Ապտէ հրապարակին վրայ: Մաշնուք դիմաւորուեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի կողմէ:

Այս կառոյցին բացման պաշտօնական արարողութեան առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Մաշնուք յայտնեց, որ ինք ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան սիրահար մըն է` աւելցնելով, որ իր կեանքը այդ ուղեգիծին հիման վրայ ապրած ըլլալուն տուրքը վճարած է բանտարկութեամբ եւ աքսորով:

«Մարդ արարածին մղած կարեւորագոյն պայքարը ազատութեան պայքարն է, որ կ՛առաջնորդէ դէպի զարգացում եւ յառաջդիմութիւն», ըսաւ ան:

Մաշնուք յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ դրած են արդիական բանտ մը կառուցելու համար 55 միլիոն տոլարի գումար մը ապահովելու` աւելցնելով, որ այդ բանտը 1000 արգելափակեալ կրնայ ընդունիլ:

Իր կարգին, Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը յանձնառու է երկրին ապահովութեան եւ պիտի մնայ ներքին ու արտաքին վտանգներուն դէմ դնող վահանը, որ երկրին սպառնացող ահաբեկչութիւնը կը հեռացնէ:

Իր խօսքը ուղղելով ներքին գործոց նախարարին` Իպրահիմ բարձր գնահատեց անոր նախաձեռնութիւնը` ապահովելու համար արդիական բանտի մը կառուցումը, որ կ՛օժանդակէ տնօրէնութեան շարունակելու ապահովական իր նուաճումներն ու իրագործումները` քաղաքացիական անվտանգութեան եւ երկրին ապահովական կայունութեան հսկելու ճամբուն վրայ:

Իպրահիմ ընդգծեց, որ ապահովական իրենց աշխատանքին զուգահեռ կարեւոր է երաշխաւորել նաեւ կազմակերպականը, որպէսզի վարչական աշխատանքները իրենց արդիականութեամբ եւ թափանցիկութեան չափանիշներով դառնան օրինակելի տիպարներ եւ լիբանանցի քաղաքացիին տրամադրեն լաւագոյն ծառայութիւնը:

Իպրահիմ յայտնեց նաեւ, որ  յանցագործներու ժամանակաւոր արգելափակման նորակառոյց բանտը կառուցուած է միջազգային չափանիշներով եւ յարգելով ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւունքներու ուխտը:

Նախորդը

Ժըպրան Պասիլ Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Եւ Ռուսիոյ Դեսպանները

Յաջորդը

Խորհրդարանը Այսօր Պիտի Հիւրընկալէ Երկխօսութեան Գ. Նիստը

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.