Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքացիական Շարժումը Բազմամարդ Ցոյց Մը Կատարեց Դէպի Նըժմէ Հրապարակ

Սեպտեմբեր 21, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

giragi_tsuyts1_9-20-15

Քաղաքացիական շարժումը համակարգող «29 օգոստոս» արշաւը երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին կատարեց քայլարշաւ մը, որ սկսաւ Պուրճ Համուտէն` Պէյրութ գետի կամուրջէն եւ ուղղուեցաւ մինչեւ Նըժմէ հրապարակ:

Բազմամարդ այս ցոյցը կազմակերպող արշաւներն ու շարժումները հաստատեցին, որ իրենց ընտրած քայլարշաւի ուղին պատահական չէ, այլ` նպատակներ կը հետապնդէ:

«Հոտերնիդ ելաւ» արշաւի անդամները շեշտեցին, որ այդ ցոյցը Պուրճ Համուտէն կը սկսի` մերժելու համար Պուրճ Համուտի աղբանոցը վերաբանալու առաջարկը, որ ներկայացուած է երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի ծրագիրով:

Անոնք նշեցին, որ ներքին ճամբով դէպի Նահատակաց հրապարակ եւ ապա Նըժմէ հրապարակ հասնելիք բողոքի ցոյցին երկրորդ հանգրուանն է Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը, ուր անոնք ելեկտրական հոսանքի ընդհատումին դէմ արտայայտուեցան:

Ապա ցուցարարները ուղղուեցան Նահատակաց հրապարակ, ուր տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ համախմբուեցան «Նահար» օրաթերթի խմբագրատան դիմաց եւ փորձեցին մուտք գործել դէպի Պէյրութի քաղաքապետարանի փողոցը` մուտք գործելու համար Նըժմէ հրապարակ:

Ցոյցին ընթացքին խօսք առաւ քաղաքացիական ընկերութեան շարժումի գործիչ Աժուատ Այաշ, որ բացարձակապէս մերժեց Նաամէի աղբանոցին բացումը` ընդգծելով, որ անիկա անկարելի պիտի ըլլայ եւ պետութեան սպառնալով մագլցողական ամէն ձեւի եւ միջոցի դիմել` արգիլելու համար այդ աղբանոցին եօթնօրեայ վերաբացումը:

Ապա ցուցարարները փորձեցին եւ  յաջողեցան ճեղքել ապահովութեան ուժերուն կազմած մարդկային շղթան ու հասան խորհրդարանին զուգահեռ փողոցը:

Նշենք, որ «Նահար» օրաթերթի խմբագրատան դիմաց արձանագրուեցան բախումներ` նկատի ունենալով, որ քաղաքացի մը բարձրացուցած էր պաստառ մը, որուն վրայ տպուած էին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի լուսանկարները` «Փտածութեան խորհրդանիշներ» մեկնաբանութեամբ:

Բախումները արձանագրուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի համակիր տղոց եւ ցուցարարներուն միջեւ:

Աւելի ուշ ներքին ապահովութեան ուժերն ու խռովարար արարքները զսպող ուժերը տեղի տուին եւ ցուցարարները կրցան մուտք գործել Պէյրութի քաղաքապետարանի փողոցը, ուրկէ անոնք երեկոյեան ժամը 9:00-էն ետք հեռացան` առանց ցոյցի նոր թուականի կամ վայրի մասին յայտարարութիւն կատարելու:

Միւս կողմէ, շաբաթ օր երեկոյեան ժամը 6:00-էն սկսեալ Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ կազմակերպուեցաւ «Մատչելի գիներու շուկայ» մը` «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւին կողմէ:

Այս նախաձեռնութիւնը կազմակերպուեցաւ պատասխանելու համար Պէյրութի առեւտրականներու միութեան նախագահ Նիքոլա Շամմասի, որ յայտնած էր, թէ ինք կը մերժէ Կեդրոնական Պէյրութը մատչելի գիներով առեւտրական շուկայի կամ կեդրոնի վերածել:

«Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւին կազմակերպած այս շուկային մասնակիցները մատչելի գիներով իրեր եւ սննդեղէն վաճառեցին` շեշտելու համար, որ Պէյրութի շուկան այս կամ այն դասակարգին չէ սահմանուած, այլ բոլոր քաղաքացիներուն կը պատկանի:

Նախորդը

Պըրրի Ընդունեց Վարչապետն Ու Առողջապահութեան Նախարարը

Յաջորդը

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Հայ Անդամները Դարձեալ Իրենց Թեկնածութիւնը Առաջադրած Են Խորհրդարանական Արտակարգ Ընտրութիւններուն

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?