Լիբանանեան

Բոլորը Կը Մերժեն Պուրճ Համուտի  Աղբանոցին Վերաբացումը

Բոլորը Կը Մերժեն Պուրճ Համուտի Աղբանոցին Վերաբացումը

Լիբանանը ողողած եւ ուղղակի տագնապի վերածուած աղբի օրակարգը անպակաս է լիբանանեան գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ, յատկապէս այն վայրերուն, որոնց անունները իբրեւ լուծում նշուած են երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի ծրագիրին մէջ: Այս շրջագիծին մէջ, Պուրճ Համուտի թաղամասերուն բնակիչներուն անունով աղբանոցին վերաբացումը մերժող պաստառներ զետեղուեցան աղբանոցին մուտքին: Երեկոյեան «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ կարճ հարցազրոյցի մը ընթացքին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի...

Պըրրի. «Երկխօսութիւնը Բոլորին  Պատասխանատուութիւնն Է Եւ Ոչ Ոք Զէնքի Ուժով  Ստիպուած Է Ներկայ Գտնուիլ»

Պըրրի. «Երկխօսութիւնը Բոլորին Պատասխանատուութիւնն Է Եւ Ոչ Ոք Զէնքի Ուժով Ստիպուած Է Ներկայ Գտնուիլ»

Ապու Սաապ եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` յոյս յայտնելով, որ յաջորդող օրերուն կարելի ըլլայ կառավարութեան աշխատանքները շարունակել, եթէ քաղաքական բոլոր ուժերը անդրադառնան, որ կառավարութեան աշխատանքները յաջողցնելու առումով քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է միասնաբար գործակցին: Ապու Սաապ ընդգծեց, որ կառավարութիւնը կարելի եղած է կազմել փոխադարձ...

Զօր. Քահուաժի. «Գաղտնի Սպասարկութեան  Նուաճումները Հզօրացուցած Են Բանակը»

Զօր. Քահուաժի. «Գաղտնի Սպասարկութեան Նուաճումները Հզօրացուցած Են Բանակը»

Քահուաժի վարժութիւններուն մասնակիցներուն կ՛ուղղէ իր խօսքը Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Համմանայի մէջ վկայականներ յանձնեց բանակի գաղտնի սպասարկութեան տնօրէնութեան կողմէ ահաբեկչութեան եւ լրտեսումի դէմ կազմակերպած վարժութիւններու մասնակիցներուն: Իր խօսքին մէջ զօր. Քահուաժի շեշտեց բանակի գաղտնի սպասարկութեան դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը` բարձր գնահատելով անոր առաքելութիւնը: Զօր. Քահուաժի ողջունեց գաղտնի սպասարկութեան նուաճումները, որոնց իբրեւ հետեւանք կարելի եղաւ բացայայտել ահաբեկչական ցանցեր եւ բջիջներ,...

Քաղաքացիական Շարժումը Շաբաթավերջին Լիբանանցիները Հրաւիրած Է Ցոյցի Եւ Քայլարշաւի

Քաղաքացիական շարժումին մաս կազմող «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւը այսօր երեկոյեան ժամը 6:00-ին լիբանանցիները հրաւիրած է «Մատչելի գիներու շուկայ»-ի մը` Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ: Միւս կողմէ, քաղաքացիական ընկերութեան շարժումը համակարգող «29 օգոստոս» արշաւը կիրակի, 20 սեպտեմբերին լիբանանցիները հրաւիրեց քայլարշաւի մը, որ կը սկսի Պէյրութ գետէն (Պուրճ Համուտ) եւ կ՛ուղղուի մինչեւ Նըժմէ հրապարակ, երեկոյեան ժամը 5:00-ին: ՆՇԵՆՔ, որ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին համաձայն,...

Միջազգային Դատական  Ատեանը Անպարտ  Կը Հռչակէ «Ժատիտ»-ը  Եւ Կը Դատապարտէ Խայեաթը

Միջազգային Դատական Ատեանը Անպարտ Կը Հռչակէ «Ժատիտ»-ը Եւ Կը Դատապարտէ Խայեաթը

Քարմա Խայեաթ Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանը, նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին պատրաստած հետաքննական տեսագրութիւններուն առումով կայանը անպարտ հռչակեց, սակայն կայանի փոխտնօրէն Քարմա Խայեաթ ատեանին կողմէ դատապարտուեցաւ: Խայեաթի դէմ Միջազգային դատական ատեանին վճիռը պիտի արձակուի երկուշաբթի, 28 սեպտեմբերին: Խայեաթի պաշտպան փաստաբան Քարիմ Խան յայտնեց, որ Քարմա Խայեաթ նուազագոյն պատիժը ստացած է, սակայն իրենք ամէն ջանք ի...

Ֆրանսայի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան  100-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկին  Բացման Խօսքը Պիտի Կատարէ Հոլլանտ

Ֆրանսուա Հոլլանտ Լիբանան Կրնայ Այցելել Հոկտեմբերին Կամ Նոյեմբերին

Ֆրանսուա Հոլլանտ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Լիբանան պիտի այցելէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովէն ետք, սակայն այդ այցելութեան համար տակաւին յստակ թուական մը չէ ճշդուած: Ֆրանսական աղբիւրներ շեշտեցին, որ այդ այցելութիւնը կրնայ կատարուիլ հոկտեմբերին կամ նոյեմբերին, որպէսզի Հոլլանտ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպումներ ունեցած ըլլայ վարչապետ Թամմամ Սալամի, արաբական երկիրներու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի նախագահական...

Հեռագիր

Հեռագիր

Սէուտական Արաբիոյ վսեմաշուք դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի, Սէուտական Արաբիոյ Ազգային տօնին առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին անունով կը շնորհաւորեմ ձեզ եւ լաւագոյն մաղթանքներս կը յայտնեմ, ընդգծելով Սէուտական Արաբիոյ պետութեան եւ ժողովուրդին ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը` Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն նեցուկ կանգնելու եւ անոնց զօրակցելու առումով` դիմագրաւելու համար երկրին դժուար պայմանները, Լիբանանի եւ արաբական աշխարհի բարօրութեան ի խնդիր: Այս...

Քաղաքացիական Շարժումին Անդամ  Երիտասարդները Յայտարարեցին  Հացադուլի Կասեցումը

Քաղաքացիական Շարժումին Անդամ Երիտասարդները Յայտարարեցին Հացադուլի Կասեցումը

Կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուքի հրաժարականին պահանջով հացադուլի դիմող երիտասարդները երէկ նախարարութեան դիմաց իրենց լարած վրաններուն մօտ հրաւիրեցին մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին անոնք յայտարարեցին, որ հացադուլը պիտի կասեցնեն եւ միանան քաղաքացիական ընկերութեան շարժումին: Հացադուլի դիմող երիտասարդներէն Ուարեֆ Սլէյման նշեց, որ իրենց նպատակն էր հաշուետուութեան կանչել` աւելցնելով, որ իրենք կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուքի հետ անձնական հարց չունին: «Մենք համոզուած էինք եւ...

Սալամ – Մաշնուք Հանդիպում

Սալամ – Մաշնուք Հանդիպում

Մաշնուք եւ վարչապետ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետարաններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ երկիրը յուզող քաղաքական իրադարձութիւնները: Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ հարաւային Լիբանանի խորհուրդի անդամ Քապալան Քապալան եւ նախկին երեսփոխան Մոհամետ Պըրժաուի: Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ հրապարակեց  շրջաբերական մը, որուն համաձայն, Ատհայի տօնին առիթով պետական հաստատութիւններն ու...

«Մօտիկ Ապագային Ելեկտրականութիւն  Արտադրող Երկու Ընկերութիւններ Ելեկտրական  Հոսանքի Հայթայթումը Երեք Ժամով Պիտի Աւելցնեն»  Շեշտեց Արթիւր Նազարեան

«Մօտիկ Ապագային Ելեկտրականութիւն Արտադրող Երկու Ընկերութիւններ Ելեկտրական Հոսանքի Հայթայթումը Երեք Ժամով Պիտի Աւելցնեն» Շեշտեց Արթիւր Նազարեան

Հայէք եւ Նազարեան Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան Ելեկտրականութեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Քամալ Հայէքի հետ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց, որ պէտք է քաղաքական տարակարծութիւնները մէկդի դնել` իրականացնելու համար լիբանանցի քաղաքացիներուն շահերը: Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան հանրային կարծիքին տարբերակում կատարելու հանրութեան շահերուն համար աշխատող եւ այդ շահերը խոչընդոտող պատասխանատուներուն միջեւ: «Կուսակցական տարակարծութիւն մը պէտք չէ պատճառ դառնայ, որ...

Մուքպել Այցելեց Աուտէ Եպիսկոպոսին

Մուքպել Այցելեց Աուտէ Եպիսկոպոսին

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց ապահովական նշանակումներուն, քաղաքացիական ընկերութեան շարժումներուն եւ լիբանանեան կարգ մը ներքին հարցերուն վերաբերող խնդիրներ: Հանդիպումէն ետք Մուքպել յայտնեց, որ ինք համաձայն չէ բանակին մէջ կատարուելիք զինուորական պաշտօններու բարձրացման հոլովոյթին` աւելցնելով, որ անիկա սպաներուն միջեւ կրնայ իրարանցում ստեղծել: Մուքպել շեշտեց, որ եթէ քաղաքական բոլոր...

Հանրապետութեան Միւֆթին Կը Մերժէ  Նախագահական Աթոռը Թափուր Պահել

Հանրապետութեան Միւֆթին Կը Մերժէ Նախագահական Աթոռը Թափուր Պահել

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց հիւսիսային Լիբանանի առեւտրականներու մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին տնտեսական իրավիճակը: Հանդիպումին ընթացքին շէյխ Տըրիան շեշտեց, որ մերժելի է լիբանանեան պետութիւնը առանց հանրապետութեան նախագահի պահել: Ան մաղթեց, որ ամէնէն մօտիկ ապագային կարելի կ՛ըլլայ նախագահական աթոռի թափուր վիճակին վերջ տալ:  

Ժոմպլաթ Ընդունեց Հէյլը

Ժոմպլաթ Ընդունեց Հէյլը

Ժոմպլաթ եւ Հէյլ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին յղեց ցաւակցական հեռագիր մը, որուն մէջ ցաւակցութիւն յայտնեց Մեքքայի մէջ աղօթքի պահուն արձանագրուած տխուր պատահարին առիթով:

Ապու Ֆաուրի Եւ Հաժ Հասանի  Մամլոյ Միացեալ Ասուլիսը

Ապու Ֆաուրի Եւ Հաժ Հասանի Մամլոյ Միացեալ Ասուլիսը

Մամլոյ ասուլիսէն պահ մը Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան երէկ մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեցին, որ երկու նախարարութիւններուն միջեւ շարք մը միացեալ թղթածրարներու քննարկումին շրջագիծին մէջ քննարկած են նաեւ ըմպելի ջուրի զտման եւ զայն լիբանանցիներուն վաճառելու հարցը: Ապու Ֆաուր նշեց, որ նախապէս իրենք յայտարարած են, որ Լիբանանի մէջ այդ նպատակով կը գործեն 800...

Ալի. «Դիմադրութեան Առանցքը  Հետզհետէ Կը Հզօրանայ»

Ալի. «Դիմադրութեան Առանցքը Հետզհետէ Կը Հզօրանայ»

Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Պաղեստինի սրբութիւններուն դէմ գործուած բռնարարքները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուած բոլոր քանդումները ահաբեկչութեան եւ սիոնականութեան գործած արարքներն են: Ան ցաւ յայտնեց, որ մարդիկ այս իմաստով կոյր կը ձեւանան` աւելցնելով, որ Դիմադրութեան առանցքը հետզհետէ կը հզօրանայ եւ բոլորին համար յստակ կը դառնայ, թէ իրենց մղած պատերազմը վտանգի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ, որ «Սուքլին» ընկերութեան դէմ դատական հարց յարուցած էր, երէկ ներկայացաւ դատարան, ուր ելեւմտական հարցերու քննիչ դատախազ Ալի Իպրահիմի ներկայութեան վկայեց «Սուքլին»-ի դէմ եւ զայն ամբաստանեց պետական գումարներ իւրացնելու յանցանքով: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ-զօրավար Ռիչըրտ Քուիքը, որուն հետ քննարկեց երկու երկիրներու...

Երկխօսութիւնը, Բախումները, Խոշտանգումը,  Խռովարարներն Ու Բռնութիւնը Եղան  Կեդրոնական Պէյրութի Երէկուան  Իրադարձութիւններուն Խորագիրները

Երկխօսութիւնը, Բախումները, Խոշտանգումը, Խռովարարներն Ու Բռնութիւնը Եղան Կեդրոնական Պէյրութի Երէկուան Իրադարձութիւններուն Խորագիրները

Լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներուն ծրագրած ազգային երկխօսութեան նիստէն երեք ժամ առաջ, առաւօտեան ժամը 9:00-ին «Հոտերնիդ ելաւ», «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք», «Հեռացէք մեզմէ», «Փոփոխութեան սեմին», ինչպէս նաեւ այլ անուանումներ կրող քաղաքացիական ընկերութիւնը ներկայացնող արշաւներու եւ շարժումներու անդամներ, ուղղուեցան «Նահար» օրաթերթի խմբագրատան դիմաց եւ սկսան իրենց նստացոյցին` նպատակ ունենալով արգիլել ազգային երկխօսութեան մասնակցող ղեկավարներուն խորհրդարան մուտքը: Այդ արշաւները կազմակերպող գործիչներ հաստատեցին, որ եթէ իրենք...

Յ. Բագրատունի Այցելեց  Բանակի Հրամանատարին

Յ. Բագրատունի Այցելեց Բանակի Հրամանատարին

Զօր. Քահուաժի եւ Բագրատունի ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ կէսօրին Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ապահովական իրադարձութիւնները, որոնց լոյսին տակ Յ. Բագրատունի զօրակցութիւն յայտնեց երկրին կայունութեան եւ անվտանգութեան հսկող լիբանանեան բանակին:

Մինչ Հացադուլը Կը Շարունակուի,  Քաղաքացիական  Ընկերութիւնը Թիրախ Կը Դարձնէ  Ելեւմուտքի Նախարարութիւնը

Մինչ Հացադուլը Կը Շարունակուի, Քաղաքացիական Ընկերութիւնը Թիրախ Կը Դարձնէ Ելեւմուտքի Նախարարութիւնը

Կենսոլորտի նախարարութեան մուտքը` աղբանոցի վերածուած Քաղաքացիական ընկերութիւնը ներկայացնող զանազան արշաւներ ու շարժումներ յաւելեալ աշխուժութեամբ կը գործեն թիրախ դարձնելով պետական այլազան հաստատութիւններ, ինչպէս նաեւ շարունակելով կենսոլորտի նախարարին հրաժարականի պահանջով սկսած հացադուլը: Երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին անոնց կազմակերպած արշաւներէն եւ մամլոյ ասուլիսներէն բացի, «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւը կոչ ուղղեց բոլոր քաղաքացիներուն այսօր առաւօտեան ժամը 9:00-ին համախմբուելու «Նահար» օրաթերթի խմբագրատան դիմաց, որպէսզի դէպի խորհրդարան...

Սալամ Մաշնուքի Հետ Քննարկեց  Երկրին Ապահովական Իրավիճակը

Սալամ Մաշնուքի Հետ Քննարկեց Երկրին Ապահովական Իրավիճակը

Մաշնուք եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետարաններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը: Վարչապետ Սալամի այցելուներէն եղաւ նաեւ Պրազիլի արտաքին գործոց նախարար Մաուրօ Վիէյրա, որ Սալամի հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները: Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ իր կարգին այցելեց վարչապետ Սալամի: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ տնտեսութեան նախարարութեան վերաբերող հարցեր:...

Page 903 of 986 1 … 902 903 904 … 986

Արխիւներ