Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն, բանակը ուժգին ռմբակոծած է Արսալի բարձունքները` թիրախ դարձնելով զինեալներուն շարժումները:
Միւս կողմէ, բանակի անկարգելաւորներու ջոկատը երէկ առաւօտեան Մաշարիհ Քաայի մէջ ձերբակալեց 250 սուրիացի գաղթականներ, որոնցմէ 202-ը զանազան յանցանքներով պահանջուած անձեր են: