Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շեհայէպ. «Նաամէի Աղբանոցին Հետ Առնչութիւն Ունեցող Քաղաքապետարանները Համաձայն Են Աղբանոցի Վերաբացման»

September 23, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

nouhad_shehayeb_9-22-15

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ երեկոյեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպը եւ աղբանոցներու թղթածրարը հետապնդող յանձնախումբին անդամները:

Հանդիպումէն ետք Շեհայէպ յայտնեց, որ երկրին աղբերուն տագնապը լուծելու ոչ մէկ այլ ձեւ կայ, բացի իր պատրաստած համապարփակ ծրագիրին գործադրութենէն` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն քաղաքական եւ ոչ քաղաքական խոչընդոտները թօթափելու, որպէսզի լիբանանցիներուն փոխանցեն այդ ծրագիրին գործադրութեան աւետիսը:

Շեհայէպ յայտնեց, որ իրենք տեղեակ են, թէ ոմանք կը մերժեն Նաամէի աղբանոցին եօթնօրեայ վերաբացումը` աւելցնելով սակայն, որ այդ աղբանոցին հետ առնչուող քաղաքապետարանները այդ մասին համաձայնութիւն յայտնած են:

Ան նշեց, որ Աքքարի մէջ Սրարի աղբանոցը կը փորձեն վերածել առողջապահական աղբակոյտի` հաստատելով, որ ոչ ոք կրնայ յայտարարել, որ կառավարութեան վաւերացուցած ծրագիրին գործադրութիւնը անկարելի է:

Շեհայէպ յայտնեց, որ աղբերու տագնապին լուծումը քաղաքացիական ընկերութեան շարժումին յաղթանակն է, որովհետեւ առանց իրենց այդ թղթածրարը լուծում պիտի չունենար:

Միւս կողմէ, Նաամէի բնակիչները երեկոյեան ժամը 7:30-ին աղբակոյտին դիմաց տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին խստիւ մերժեցին աղբանոցին վերաբացումը նոյնիսկ 7 օրուան համար:

 

Նախորդը

«Չկայ Օրէնք Մը, Որ Կը Հաստատէ, Որ Խորհրդարանը Պէտք Է Ընտրէ Հանրապետութեան Նախագահը» Շեշտեց Զօր. Աուն

Յաջորդը

Նախարար Նալբանդեան Տեսակցած Է Հայ Կաթողիկէ Նորընտիր Պատրիարքին Հետ

RelatedPosts

Մինչ Իսրայէլեան Թշնամական Արարքները  Կը Սաստկանան, Նախագահ Աուն Զինադադարի  Իր Նախաձեռնութիւնը Կ՛առաջադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Իսրայէլեան Թշնամական Արարքները Կը Սաստկանան, Նախագահ Աուն Զինադադարի Իր Նախաձեռնութիւնը Կ՛առաջադրէ

March 11, 2026
Հաստատ Մնալով Դիմադրութիւնը Ապազինելու  Կառավարութեան Որոշումին Վրայ.  Լիբանան Կ՛ընդլայնէ Դիւանագիտական  Շփումներու Ծիրը
Գլխաւոր լուրեր

Հաստատ Մնալով Դիմադրութիւնը Ապազինելու Կառավարութեան Որոշումին Վրայ. Լիբանան Կ՛ընդլայնէ Դիւանագիտական Շփումներու Ծիրը

March 10, 2026
Լիբանանեան Խորհրդարանը Երկու Տարիով  Երկարաձգեց Իր Պաշտօնավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Խորհրդարանը Երկու Տարիով Երկարաձգեց Իր Պաշտօնավարութիւնը

March 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.