Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 22, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Քաայի մէջ ձերբակալած է 80 սուրիացիներ, որոնք առանց փաստաթուղթի, ապօրինի կերպով մուտք գործած են Լիբանան:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ անկախ անկէ, թէ ո՛վ է քաղաքացիական ընկերութիւնը ցոյցի հրաւիրող կողմը, պատասխանատուները պէտք է լսեն ժողովուրդին պահանջները:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի շեշտեց, որ ժողովրդային հանրաքուէով հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը անկարելի պիտի ըլլայ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ Մոսկուա համաձայն է ժողովրդային հանրաքուէով Լիբանանի նախագահ ընտրելու գաղափարին եւ զայն իտէալական առաջարկ մը կը նկատէ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ միջնորդի դերակատարութիւն ունեցած է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միտքերը վարչապետ Թամմամ Սալամին եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին փոխանցելու առումով:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական աղբիւրներէ, կը հաստատէ, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը միջազգային եւ շրջանային հովանաւորութիւն կը վայելէ, այլապէս` անիկա ձախողած կ՛ըլլար:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, սպաներուն աստիճանի բարձրացում շնորհելու առիթը չի գոհացներ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը, հետեւաբար որեւէ համաձայնութեան մասին խօսքը անլուրջ է:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ տարօրինակ նկատեց, որ քաղաքացիական ընկերութիւնը փտածութեան միայն երեք խորհրդանիշ ճշդած ըլլայ: «Ըստ երեւոյթին, քաղաքական դասի միւս ներկայացուցիչները հրեշտակներ են», հեգնեց ան:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ հաւատադրժողական շարժումները կրօնի անունով ծառայութիւններ կը մատուցեն թշնամի Իսրայէլին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ուալիտ Խուրի շեշտեց, որ ներկայ պայմանները յուսադրիչ չեն նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ սպաներուն վերաբերող որոշումներուն առումով իրենք կը հետեւին լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան, որովհետեւ ամէնէն աւելի անիկա տեղեակ է այդ մասին:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կը փորձէ ինքզինք հզօրացնել փողոցին ընդմէջէն, սակայն ատիկա այս հանգրուանին անկարելի պիտի ըլլայ:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի շեշտեց, որ կառավարութիւնը պէտք է արտակարգ նիստ գումարէ, որովհետեւ երկիրը արտակարգ դրութեան մատնուած է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ Պեքաայի պատասխանատու Մոհամետ Եաղի ընդգծեց, որ «կազմուած է իրանեան-ռուսական-իրաքեան դաշինք մը` հաւատադրժողական շարժումները մեր հողերէն արմատախիլ դարձնելու համար»:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ Ժըպրան Պասիլի կողմէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարութեան ստանձնումը զօր. Միշել Աունի ուղեգիծին շարունակութիւնն է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մարտիկներն ու սուրիական բանակը հիւսիսային Զապատանիի մէջ իրենց հակակշիռին տակ առած են Նապուհ շրջանը` հաւատադրժողական խմբաւորումներուն զինեալներուն շարքերուն մէջ պատճառելով մեծ թիւով զոհեր եւ վիրաւորներ:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ «Սուքլին» աղբի ընկերութիւնը 21 տարիէ ի վեր կը գողնայ երկիրը եւ այդ պատճառով է, որ ինք դատական իշխանութիւններուն մօտ այդ ընկերութեան դէմ դատական հարց յարուցած է:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ լոյս տեսնող «Իթթիհատ» օրաթերթը, յատուկ աղբիւրներէ քաղելով իր տեղեկութիւնները, կը գրէ, թէ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի ծրագիրին գործադրութիւնը կանաչ լոյսի մը կը սպասէ եւ կրնայ շուտով սկսիլ ապահովութեան ուժերուն զօրակցութեամբ:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երկրին մէջ ստանձնելիք պատասխանատուութիւններ ունի` աւելցնելով, որ ազգային երկխօսութեան նիստերուն իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելը լուծում չէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ շեշտեց, որ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը տապալելու սեմին կը գտնուի եւ ոչ ոք այդ իմաստով մտահոգ է:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ ինք պահանջած է արագացնել նախարարութեան աշխատանքային ծրագիրը` Ատհայի տօնէն առաջ պետական պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձերը վճարելու նպատակով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ դժուար է կռահել, թէ ազգային երկխօսութեան երրորդ նիստին ընթացքին ի՛նչ զարգացում պիտի պատահի:

 

 

 

Նախորդը

Էրտողան Խորհրդարանին Մէջ «Միայն Տեղացի» Երեսփոխաններ Կ՛ուզէ Տեսնել

Յաջորդը

Սամի Ժեմայէլ Այցելեց Հանրապետութեան Միւֆթիին

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?