Քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա ինքն իր շարքերուն մէջէն ձերբակալած է գործակալ մը, որ կը գործէր «Ռասուլ Աազամ» հիւանդանոցին մէջ:
Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, հետաքննութեան ենթարկուող գործակալը արեւմտեան մեծ պետութեան մը հետ կապի մէջ եղած է:
Ըստ «Ռայ»-ի, հաւանական է, որ ձերբակալուած գործակալը Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ Հըզպալլայի պատասխանատուներուն առողջական վիճակին մասին տեղեկութիւններ տրամադրած ըլլայ այդ պետութեան:
«Նաշրա» կայքին համաձայն, այդ գործակալը ամերիկեան «Սի. Այ. Էյ.» գաղտնի սպասարկութեան հաշուոյն կը լրտեսէր:
Նոյն աղբիւրին համաձայն, գործակալը, որուն ժիհատական անունը Սատեք է, երկուքուկէս ամիս առաջ ձերբակալուած է: