Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքացիական Ընկերութեան Արշաւները Երթ Մը Կազմակերպեցին Դէպի Վարչապետ Սալամի Բնակարանը

October 8, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

tsuyts_5_10-07-15

Քաղաքացիական ընկերութեան արշաւները երէկ առաւօտեան ժամը 4:00-ին կազմակերպած են քայլարշաւ մը` Քոլայէն ուղղուելով դէպի վարչապետ Թամմամ Սալամի բնակարանը, Մուսայթպէ:

Բողոքի այս ցոյցին մասնակիցները պահանջած են կառավարութենէն անմիջապէս նիստ մը գումարել եւ աղբերը հաւաքելու որոշում տալ:

Նշենք, որ քաղաքացիական ընկերութեան արշաւները` «Հոտերնիդ ելաւ», «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք», «Փոփոխութեան սեմին», «Ժողովուրդը կը պահանջէ», «Վարչակարգին դէմ երիտասարդներ», «Դէպի փողոց» եւ այլն, պատրաստուին հինգշաբթի, 8 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք նստացոյցին, որ պիտի կատարուի «Ձմեռը մօտեցաւ, երկիրը աղբերու մէջ խեղդուած է, ախտերը մեր տան սեմին են, իսկ իշխանութիւնը կը յապաղի իր պարտաւորութիւնները գործադրելու իմաստով» ընդհանուր կարգախօսին ներքեւ:

«Հաշուետուութեան Պիտի Կանչենք»
Արշաւի Նստացոյցը` Արդարութեան
Պալատին Դիմաց

«Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւը երէկ նստացոյց մը կատարեց Արդարութեան պալատին դիմաց եւ պահանջեց հանդիպում մը ունենալ ելեւմուտքի հարցերու աւագ քննիչ դատախազ Ալի Իպրահիմի եւ ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտի հետ:

Անոնք պահանջեցին Սըպլինի գործարանին ելեկտրական հոսանքի հայթայթումը Ժիէի ելեկտրակայանէն, հետապնդել ելեկտրական հոսանքի գողութիւններու հարցը, ինչպէս նաեւ հետապնդել ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի խորհրդատուին կողմէ կատարուած այն բացայայտումը, թէ ոմանք թիրախ կը դարձնեն Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը` զայն քանդելու եւ սնանկացնելու նպատակով:

Հանդիպումէն ետք «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւը շեշտեց, որ իրենք պիտի հետապնդեն փտածութեան բոլոր պարագաները` շեշտելով, որ այդ պայքարին շնորհիւ պիտի կարենան իսկական երկիր մը կերտել:

«Մենք դատական իշխանութիւններուն վրայ վստահութիւն ունինք եւ կը մերժենք անոնց քաղաքականացումը», նշեցին արշաւին անդամները` կոչ ուղղելով լիբանանցիներուն այսօր երեկոյեան ժամը 5:00-ին ուղղուելու Ռիատ Սոլհ հրապարակ` վերահաստատելու համար երկրին դատական իշխանութիւններուն նկատմամբ վստահութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

«Ուահապականութեան Վտանգը Շրջանին Մէջ Գոյութենական Վտանգ Է, Իսկ Յուլիսեան Պատերազմին Սէուտական Արաբիա Սպաննած Է Մեզ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Յաջորդը

Մուքպել Այցելեց Զօր. Քահուաժիի Եւ Ընդունեց Ֆրանսայի Դեսպանը

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական  Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական  12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել
Լիբանանեան

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական 12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել

January 14, 2026
Լիբանան Ճերմակ Հագաւ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանան Ճերմակ Հագաւ

January 14, 2026
Եգիպտոսի Մէջ.  Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ
Լիբանանեան

Եգիպտոսի Մէջ. Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.