Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուահապականութեան Վտանգը Շրջանին Մէջ Գոյութենական Վտանգ Է, Իսկ Յուլիսեան Պատերազմին Սէուտական Արաբիա Սպաննած Է Մեզ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Հոկտեմբեր 8, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սէյիտ Հասան Նասրալլա
Սէյիտ Հասան Նասրալլա

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա նախանցեալ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Աշուրայի ողբասացներու եւ եղերերգուներու հետ:

Հանդիպումին ընթացքին սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ շարք մը իրողութիւններու, որոնց շրջագիծին մէջ շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա պատասխանատու է շրջանին մէջ գործուող սպանութիւններուն` աւելցնելով, որ յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Սէուտական Արաբիա սպաննած է զիրենք:

«Մենք չենք ուրանար, որ մեր թշնամին Իսրայէլն է, սակայն նաեւ կ՛ընդունինք, որ շրջանին գոյութեան սպառնացող վտանգը ուահապականութեան վտանգն է», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ տեղեկատուական մարզին հետ իրենց զրոյցներուն ընթացքին միշտ ալ զգուշ եղած են իրենց յայտարարութիւններուն մէջ, «սակայն Եմէնի մէջ արձանագրուած կարեւոր շրջադարձէն ետք պէտք կը նկատենք հաստատել, որ Սէուտ ընտանիքը սպաննած է եմէնցիները»:

Ան նշեց, որ Սէուտական Արաբիոյ դերակատարութիւնը կը կայանայ շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներուն շահերը պաշտպանելու իրականութեան վրայ:

«Սէուտական Արաբիա ֆինանսաւորած է Իրանի դէմ Սատտամի պատերազմը, ապա Աֆղանիստանի, Փաքիստանի եւ Իրաքի պատերազմները: Սէուտական Արաբիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը 2003-էն ի վեր հսկած է Իրաքի մէջ հաւատադրժողական շարժումներուն կազմութեան եւ ըստ այնմ պատասխանատու է իւրաքանչիւր համայնքի զաւակներուն թափած արեան», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա փորձած է Դիմադրութեան առանցքը հարուածել սկսեալ Իրանէն, անցնելով Ռուսիա եւ հասնելով մինչեւ Վենեզուելա` նուազեցնելով քարիւղի սակը: «Սէուտական Արաբիա միշտ ալ ծածուկ կերպով կը գործէր այդ արարքները, սակայն ներկայիս այդ բոլորը բացայայտուած են», շեշտեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա կը հսկէ Եմէնի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Քայիտայի գործունէութեան, հակառակ անոր որ աւելի ուշ այդ ահաբեկիչները իրեն դէմ վտանգ պիտի սպառնան:

Սէյիտ Նասրալլա Ռիատը պատասխանատու նկատեց Ատհայի տօնին առիթով Մինայի ուխտաւորներուն սպանութեան` աւելցնելով, որ այդ աղէտին պատճառը Սէուտական Արաբիոյ ձախող տնօրինումն է եւ կազմակերպական առումով նախորդ սխալներէն դասեր չքաղելու անոր յանցանքը:

«Մինայի մէջ պատահածը ՏԱՀԵՇ-ական վարուելակերպ է, որ անմարդակային է: Անոնք գարշակներով փոխադրած են ուխտաւորները` անշնչացած եւ կենդանի մարմիններուն միջեւ առանց խտրութեան», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ վտանգը տակաւին առկայ է, սակայն զայն տապալելու եւ յաղթանակներ արձանագրելու պատմական առիթի մը կարելիութիւնը կայ եւ այդ իմաստով ամէն ճիգ ի գործ պիտի դրուի` հեռացնելու հաւատադրժողական շարժումներն ու անոնց վտանգը:

Պաղեստինեան-իսրայէլեան տագնապին առումով սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու շփոթահար վիճակի մէջ է, իսկ Այսրյորդանանը երրորդ ինթիֆատա մը կը վկայէ:

Լիբանանեան ներքին իրադարձութիւններուն անդրադառնալով սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ տակաւին ոչ մէկ լուծում կ՛երեւի հորիզոնին վրայ` աւելցնելով, որ բոլորը կը սպասեն շրջանային իրադարձութիւններուն` տալու համար իրենց վերջնական որոշումը, հակառակ անոր որ բոլորն ալ կարողութիւն ունին առանց արտաքին ուժերուն վստահելու իրենց որոշումն ու կեցուածքը ճշդելու:

Ընտրական օրէնքին ակնարկելով` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ իրենք համաձայն պիտի չգտնուին 1960-ի ընտրական օրէնքին, որուն շնորհիւ նոյն խորհրդարանը պիտի ստեղծուի: «Կը փափաքինք համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնք մը ունենալ` ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովելու համար: Իսկ ընտրական այս օրէնքը կը մերժեն Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ներկայացուցիչները, յատկապէս Մուսթաքպալ հոսանքը, որովհետեւ անոնք քաջատեղեակ են, որ երեսփոխանական վերջին ընտրութիւններուն ընթացքին կորսնցուցին իրենց քուէներուն 35 առ հարիւրը», աւելցուց ան:

Քաղաքացիական ընկերութեան շարժումներուն ակնարկելով` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ անոնց պահանջները արդարացի են, սակայն այս հանգրուանին կարելի չէ ներքին յաւելեալ պառակտում եւ բախումներ դիմագրաւել: «Այդ շարժումը պէտք է ունենայ յստակ ղեկավարներ եւ յստակ նպատակներ, նախքան մեզի իր ցոյցերուն հրաւիրելը», եզրափակեց սէյիտ Նասրալլա:

 

Նախորդը

Հարիրի. «Սէյիտ Նասրալլա Աշուրայի Յիշատակը Կը Շահագործէ Սադրանքներ Հրահրելու»

Յաջորդը

Քաղաքացիական Ընկերութեան Արշաւները Երթ Մը Կազմակերպեցին Դէպի Վարչապետ Սալամի Բնակարանը

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»
Լիբանանեան

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?