Մուքպել Այցելեց Զօր. Սլէյմանի
Մուքպել եւ զօր. Սլէյման Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ: Հանդիպումէն ետք Մուքպել յայտնեց, որ բանակայիններուն պաշտօնի բարձրացման թղթածրարը եւ այդ իմաստով գոյանալիք համաձայնութեան վերաբերեալ շրջանառութեան մէջ դրուած յայտարարութիւնները վերջ գտած են: Ան հաստատեց, որ այդ հարցը արծարծողը պէտք է իմանայ, որ այս իմաստով պաշտպանութեան նախարարութեան օրէնքները յստակ են: Մուքպել ընդգծեց,...
















