Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետարանին Մէջ. Աղբի Տագնապի Լուծման Նիստ Եւ Հանդիպումներ

October 6, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քազզի եւ Սալամ
Քազզի եւ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց աղբի տագնապին լուծման յատուկ նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք, ինչպէս նաեւ այդ թղթածրարի լուծման պատասխանատուներ:

Նիստէն ետք Շեհայէպ յայտնեց, որ աղբի տագնապին լուծման առումով աշխատանքները դրական են` աւելցնելով, որ այսօր առաւօտեան ժամը 10:30-ին պիտի գումարուի նաեւ այլ ժողով մը:

Շեհայէպ շեշտեց, որ առաջին վայրը պիտի ըլլայ Սրարը, ուր աղբանոցը առողջապահական չափանիշներու համաձայն կը կառուցուի եւ բաւական մեծ աշխատանք տարուած է այդ իմաստով:

«Իսկ երկրորդ վայրին պարագային խորհրդակցութիւններ կատարուեցան եւ արձանագրուեցան մերժումներ, որոնք, իմ անձնական կարծիքովս, կենսոլորտային կամ գիտական պատճառաբանութիւններու վրայ չեն հիմնուած: Մենք քննարկումները պիտի շարունակենք, մինչեւ որ այլընտրանքներ կարենանք գտնել, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք բանակին, որ այդ վայրին մէջ գտնուող ականները վնասազերծեց», ըսաւ ան:

Շեհայէպ շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն լիբանանեան-սուրիական սահմանին միջեւ նոր վայր մը փնտռելու առումով:

Ան դիտել տուաւ, որ եթէ յառաջիկայ 24 ժամուան ընթացքին նոր վայր մը գտնուի, ապա անիկա պիտի ըլլայ այլընտրանքը:

Վարչապետ Սալամ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժը, որ հանդիպումէն ետք բաւարարուեցաւ ըսելով. «Ես ո՛չ լաւատես եմ եւ ո՛չ ալ յոռետես. ես իրապաշտ եմ»:

Սալամ ընդունեց նաեւ աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Քազզի յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ գիշեր ցերեկ կ՛աշխատի աղբի տագնապին լուծման համար` աւելցնելով, որ նախքան անձրեւները պէտք է մաքրել աղբը փողոցներէն:

Քազզի ընդգծեց նաեւ, որ վարչապետ Սալամ յանձնառու է կառավարութեան աշխատանքը վերաշխուժացնելու` հիմնուելով երեք հիմնական կէտերու վրայ, որոնք են. սահմանադրութիւնը, օրինականութիւնը եւ արդիւնաւէտ ըլլալու իրականութիւնը:

Քազզի շեշտեց, որ նախքան ազգային երկխօսութեան նիստին կայացումը կառավարութեան նիստերու գումարում նախատեսուած չէ:

Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն, որ վարչապետին հետ քննարկեց նախարարութեան առնչուող հարցեր:

Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ նախկին երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինին եւ լիբանանցի կապալառուներու սենտիքայի նախագահ Ֆուատ Խազենը, որոնց հետ քննարկեց Աքքարի կարիքներն ու սենտիքային վերաբերող շարք մը հարցեր:

Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյէսը: Հանդիպումը ունէր ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ:

 

Նախորդը

Շթորա-Ժտիթա Ճամբուն Վրայ Ական Մը Պայթեցաւ

Յաջորդը

Հանրօգուտ Շինութեանց Խորհրդարանական Յանձնախումբի Նիստը Վերածուեցաւ Կռիւի Առիթի Մը

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական  Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական  12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել
Լիբանանեան

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական 12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել

January 14, 2026
Լիբանան Ճերմակ Հագաւ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանան Ճերմակ Հագաւ

January 14, 2026
Եգիպտոսի Մէջ.  Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ
Լիբանանեան

Եգիպտոսի Մէջ. Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.