ՆԱԽԱՆՑԵԱԼ օր կէս գիշերին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականի տեղակալ Կրեկորի Քոսնըր այցելեց Լիբանան:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւնը հաւանաբար այսօր գումարէ իր նիստը, որուն ընթացքին պիտի որդեգրէ յստակ որոշումներ` գործադրելու աղբի տագնապին լուծման ծրագիրը:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 300 լ. ոսկիով, մազութինը` 200 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 100 լ. ոսկիով:
ՊԱԱԼՊԵՔԻ մէջ նախանցեալ երեկոյեան լիբանանեան բանակի շրջուն զօրամասը խիստ հսկողութիւն հաստատեց` պահպանելու համար քաղաքին անդորրը: Նշենք, որ անծանօթներ ական մը զետեղած էին Թլայս ընտանիքին պատկանող «Ռիմաս» գոհարեղէնի վաճառատան դիմաց:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ շեշտեց, որ երկխօսութեան նիստին շարունակութիւնը ինքնին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նուաճումներէն մէկն է:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը տեղեակ պահած է զինուորականներու նշանակումին թղթածրարին առումով տիրող դրական մթնոլորտին մասին:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, զինուորական նշանակումներուն առումով Հըզպալլա դիւրութիւններ առաջարկած է, մինչ Մուսթքպալ հոսանքը կը շարունակէ խոչընդոտել այդ հարցին լուծումը:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ կառավարութեան նկատմամբ կեցուածքին առումով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնէ Հըզպալլային: Ան աւելցուց, որ Ամալ շարժումն ու Հըզպալլան միասին պիտի գործեն կառավարութեան մէջ եւ կամ միասին պիտի լքեն զայն:
ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, կը նախատեսուի, որ արուեստագէտ Ֆատըլ Շաքեր մօտիկ ապագային անձնատուր ըլլայ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժերը երէկ Շեպաայէն սկսեալ մինչեւ Ուատի Ասալ եւ Պըրքեթ Նաքքար խստացուցին սահմանային շրջուն ջոկատներու իրենց հսկողութիւնը: Իր կարգին, իսրայէլեան օդուժը «Էմ. Քա.» տիպի հետախուզական օդանաւերով թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ իրանեան հիւլէական թղթածրարին շուրջ գոյացած համաձայնութենէն ետք շրջանը սկսած է այլ մթնոլորտի մէջ ապրիլ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ հանրապետութեան յաջորդ նախագահը պէտք է կարողութիւն ունենայ գործակցելու լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ:
ՆԱԽԿԻՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի դեսպաններ Ալեքսանտր Զասիփքինը եւ Էմանուէլ Պոնը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Զօր. Սլէյմանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Զիատ Քատիրի:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական միջամտութեան, որուն նպատակն է հարուածել ահաբեկչութիւնը:
ԱՀՄԵՏ Ասիրի պաշտպան փաստաբանները Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըրէն խնդրեցին նշանակել բժիշկներու յանձնախումբ մը` Ասիրի առողջութեան հսկելու համար, ինչպէս նաեւ պահանջեցին զայն Ռիհանիէի բանտէն Ռումիէ փոխադրել: