Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուքպել Այցելեց Զօր. Քահուաժիի Եւ Ընդունեց Ֆրանսայի Դեսպանը

October 8, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մուքպել, Պոն եւ Ֆրանսայի դեսպանատան զինուորական կցորդը
Մուքպել, Պոն եւ Ֆրանսայի դեսպանատան զինուորական կցորդը

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ այցելեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, որուն հետ քննարկեց բանակին իրավիճակն ու անոր կարիքները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ ըստ օրէնքի զինուորականներու պաշտօնի բարձրացման թղթածրարը, որուն առնչութեամբ երկու կողմերը համաձայն էին բանակը հեռու պահելու քաղաքական լարուածութենէ:

Միւս կողմէ, Մուքպել պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնը` ընկերակցութեամբ դեսպանատան զինուորական կցորդին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ ֆրանսական բանակներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութեան հեռանկարները` լիբանանեան բանակին զօրակցելու եւ սէուտական նուիրատուութեան ընդմէջէն զայն զինելու առումով:

Հանդիպումէն ետք Պոն շեշտեց, որ իրենք յանձնառու են զինուորական եւ սուրիացի գաղթականներուն հարցերով Լիբանանի օժանդակութեան:

«Անհրաժեշտ է, որ միասնաբար գործակցինք ու ամէն ջանք ի գործ դնենք ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու եւ լիբանանեան հողերը պաշտպանելու համար: Լիբանան առանձինն չի կրնար դիմագրաւել այս բոլոր մարտահրաւէրները եւ պէտք է զօրակցիլ անոր», ըսաւ Պոն` աւելցնելով, որ այդ իմաստով Ֆրանսա կը մնայ իր յանձնառութեան վրայ:

Պոն ընդգծեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

 

Նախորդը

Քաղաքացիական Ընկերութեան Արշաւները Երթ Մը Կազմակերպեցին Դէպի Վարչապետ Սալամի Բնակարանը

Յաջորդը

Երկխօսութեան Զոյգ Նիստերուն Ընթացքին Շարունակուեցան Քննարկուիլ Հանրապետութեան Նախագահին Յատկանիշները

RelatedPosts

Հաստատ Մնալով Դիմադրութիւնը Ապազինելու  Կառավարութեան Որոշումին Վրայ.  Լիբանան Կ՛ընդլայնէ Դիւանագիտական  Շփումներու Ծիրը
Գլխաւոր լուրեր

Հաստատ Մնալով Դիմադրութիւնը Ապազինելու Կառավարութեան Որոշումին Վրայ. Լիբանան Կ՛ընդլայնէ Դիւանագիտական Շփումներու Ծիրը

March 10, 2026
Լիբանանեան Խորհրդարանը Երկու Տարիով  Երկարաձգեց Իր Պաշտօնավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Խորհրդարանը Երկու Տարիով Երկարաձգեց Իր Պաշտօնավարութիւնը

March 10, 2026
Հայեացքը Արեւելեան Լեռնաշղթային Ուղղելով`  Իսրայէլ Կը Սաստկացնէ Իր Հարուածները`  Թիրախաւորելով Յատկապէս Ենթակառոյցները
Լիբանանեան

Հայեացքը Արեւելեան Լեռնաշղթային Ուղղելով` Իսրայէլ Կը Սաստկացնէ Իր Հարուածները` Թիրախաւորելով Յատկապէս Ենթակառոյցները

March 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.