Երէկ Պաալպեքի մէջ վիրաւորուեցան լիբանանեան բանակի 5 զինուորներ, որոնց կեդրոնը թիրախ դարձած էր ռմբակոծումի:
Նախնական տեղեկութիւններուն համաձայն, Թալլեթ Համրա-Մահալլեթ Ժարաշի բարձունքին վրայ գտնուող բանակին կեդրոնը ռմբակոծումի ենթարկուած էր ահաբեկչական խմբաւորումներու անդամ զինեալներուն կողմէ: