Լիբանանեան

Վարչապետ Սալամ Դարձեալ Նախագահեց  Աղբի Տագնապի Լուծման Յատուկ Նիստին

Վարչապետ Սալամ Դարձեալ Նախագահեց Աղբի Տագնապի Լուծման Յատուկ Նիստին

Հէյլ եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ուղղուեցաւ Զահլէ, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց Սքաֆ ընտանիքին` նախկին նախարար Էլիաս Սքաֆի մահուան առիթով: Վարչապետը երեկոյեան ժամը 6:00-ին վարչապետարանին մէջ նախագահեց աղբի տագնապի լուծման յատուկ նիստի մը` ներկայութեամբ երկրագործութեան եւ ներքին գործոց նախարարներ Աքրամ Շեհայէպի եւ Նուհատ Մաշնուքի, ինչպէս նաեւ Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըրի: Նիստէն ետք Շեհայէպ յայտնեց, որ Աքքարի մէջ...

«Համախմբումի Երեսփոխանները  Պիտի Մասնակցին Խորհրդարանական  Յանձնախումբերուն Նիստին»  Շեշտեց Ժրայսաթի

«Համախմբումի Երեսփոխանները Պիտի Մասնակցին Խորհրդարանական Յանձնախումբերուն Նիստին» Շեշտեց Ժրայսաթի

Սելիմ Ժրայսաթի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի: Նիստէն ետք նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ համախմբումը իր նիստին սկսած է մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով նախկին նախարար Էլիաս Սքաֆի յիշատակը` կոչ ուղղելով լիբանանցիներուն մասնակցելու անոր յուղարկաւորութեան արարողութեան: Ժրայսաթի նշեց, որ սահմանադրական հաստատութիւններն ու իշխանութիւնները ժողովուրդին կամքով կը հիմնուին` աւելցնելով, որ...

Զինուորական Ատեանը Կը Մերժէ Քաղաքացիական  Շարժումի Անդամ Գործիչները Ազատ Արձակել

Զինուորական Ատեանը Կը Մերժէ Քաղաքացիական Շարժումի Անդամ Գործիչները Ազատ Արձակել

Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտա մերժեց  քաղաքացիական շարժումի ձերբակալեալ հինգ անդամները ազատ արձակելու խնդրագիրները: Այս որոշումին իբրեւ հետեւանք Քաղաքացիական շարժումին անդամները, որոնք կը գտնուէին Զինուորական ատեանին մուտքին, որոշ ժամանակի համար փակեցին փողոցը, ապա վերաբացին զայն` յարգելով լիբանանցիներուն շահերն ու իրաւունքները: Միւս կողմէ, ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին քաղաքացիական շարժումի անդամ եւ Զինուորական ատեանին դիմաց ցոյց կատարող քաղաքացի Զէյն Նասրէտտինը,...

Բանակը Եւ Ապահովութեան Ուժերը Ձերբակալեցին Յանցագործներ

  Լիբանանեան բանակի Այն Հելուէի անցարգելին վրայ բանակի գաղտնի սպասարկութեան յանձնուեցաւ Ահմետ Ասիրի ընկերակիցներէն Ապտել Քատտուս Շմանտարը, որ երգիչ Ֆատըլ Շաքերի եղբօրորդին է: Միւս կողմէ, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը Արսալի մէջ ձերբակալեցին Ֆ. Մ. անունով սուրիացի մը, որ ՏԱՀԵՇ-ի անդամ է:

Հանրապետութեան Միւֆթին Կ՛ընդգծէ  Համախոհութեամբ Նախագահ Մը  Ընտրելու Կարեւորութիւնը

Հանրապետութեան Միւֆթին Կ՛ընդգծէ Համախոհութեամբ Նախագահ Մը Ընտրելու Կարեւորութիւնը

Իսլամական նոր տարուան առիթով` հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շեշտեց խաղաղութեան կարեւորութիւնը` նշելով, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ ճնշումներ, ինչպէս նաեւ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային տագնապներ, որոնք երկրին կայունութիւնը կը խախտեն եւ քաղաքացին կը մղեն արտագաղթի: Անդրադառնալով քաղաքացիական շարժումին` շէյխ Տըրիան նշեց, որ իրենք համաձայն են այդ երիտասարդներուն ներկայացուցած արդար պահանջներուն` աւելցնելով սակայն, որ այդ շարժումին մաս կազմող կարգ մը...

Երեւանի Մէջ .  Արայժի Մասնակցեցաւ Ֆրանսախօս  Երկիրներու Կազմակերպութեան  31-րդ Խորհրդաժողովին

Երեւանի Մէջ . Արայժի Մասնակցեցաւ Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան 31-րդ Խորհրդաժողովին

Մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժի իր մասնակցութիւնը բերաւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 31-րդ խորհրդաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ: «Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութիւնը խաղաղութեան, հանդուրժողականութեան, երկխօսութեան եւ փոխըմբռնումի տիեզերք է» խորագիրին ներքեւ տեղի ունեցած այս խորհրդաժողովին ընթացքին Արայժի շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանին եւ հայկական իշխանութիւններուն, որոնք հիւրընկալած են այդ խորհրդաժողովը: Ան շեշտեց հայ ժողովուրդին եւ Լիբանանի միջեւ պատմական յարաբերութիւնները` հաստատելով, որ լիբանանահայութիւնը երկիրը բաղկացնող...

Քազզի – Ֆաթհալի Հանդիպում

Ֆաթհալի եւ Ազզի Աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի հետ: Հանդիպումէն ետք Ֆաթհալի շեշտեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը լիբանանեան ներքին հարց է, որուն հետ Իրան ոչ մէկ կերպով առնչուած է: Ան յոյս յայտնեց, որ լիբանանցիները կարենան հանրապետութեան հզօր նախագահ մը ընտրել եւ պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնը: Իր կարգին, Քազզի...

Ֆրենժիէ. «Մեր Իւրայատկութեամբ Հանդերձ  Մեր Դաշնակիցներուն Հետ  Կը Բաժնենք Նոյն Ծրագիրը»

Ֆրենժիէ. «Մեր Իւրայատկութեամբ Հանդերձ Մեր Դաշնակիցներուն Հետ Կը Բաժնենք Նոյն Ծրագիրը»

Սլէյման Ֆրենժիէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ մեկնարկը կատարեց Մարատայի պաշտօնական կայքին նոր ձեւաւորումին: Այս առիթով ուղղած իր խօսքին ընթացքին ան շեշտեց Մարատայի յանձնառութիւնը իր քաղաքական դաշինքներուն նկատմամբ: «Մեր իւրայատկութեամբ հանդերձ, մեր դաշնակիցներուն հետ կը բաժնենք նոյն ծրագիրը, իսկ քաղաքական դաշինքներու մէջ իւրայատկութիւն ունեցող քաղաքական ուժերու իրականութիւնը առողջ է», ըսաւ ան: Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որ հանդիպումէն ետք մեկնեցաւ առանց յայտարարութեան: Նշենք, որ շաբաթավերջին Պասիլ պիտի մեկնի Թեհրան` ընդառաջելով պաշտօնական հրաւէրի մը: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյեսը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Նշենք, որ «Նահար»...

Յարձակում Պոլսոյ Հայոց  Պատրիարքարանին Դէմ

Յարձակում Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին Դէմ

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթը տեղեկացուցած է, որ անյայտ անձեր քարերով յարձակում գործած են Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին դէմ: Յարձակումը գործուած է 10 հոկտեմբերի երեկոյեան` շուրջ 20 հոգինոց խումբի մը կողմէ: Յարձակումէն անմիջապէս ետք դէպքի վայր հասած են ոստիկանները: Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան «Ակօս»-ին յայտնած է, որ տակաւին յայտնի չէ, թէ յարձակում գործողները որո՞նք են եւ...

Պըրրի Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը  Ուղղուեցաւ Ռումանիա

Պըրրի Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Ուղղուեցաւ Ռումանիա

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Ռումանիա, ուր դիմաւորուեցաւ ռումանացի իր պաշտօնակիցին` Վալերիու Զեկոնիի, Ռումանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ռանա Մքատտեմի եւ լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն կողմէ: Կը նախատեսուի, որ Պըրրի հանդիպումներ ունենայ Ռումանիոյ նախագահ Քլաուս Այոհանիսի եւ վարչապետ Վիքթոր Փոնթայի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուին լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները: Օդակայանին մէջ Պըրրի վերահաստատեց...

Վարչապետ Սալամ Նախագահեց  Աղբի Տագնապին Յատուկ Նիստի Մը

Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Աղբի Տագնապին Յատուկ Նիստի Մը

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց աղբի տագնապին վերաբերող հարցերու քննարկման յատուկ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ եւ ներքին գործոց նախարար  Նուհատ Մաշնուք, ինչպէս նաեւ Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըր: Հանդիպումէն ետք Շեհայէպ շեշտեց, որ աղբի տագնապին լուծում մը գտնելու առումով խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են` աւելցնելով, որ այդ տագնապին լուծումը պիտի չուշանայ երեք պատճառով....

7 Հոկտեմբերի Ցոյցին Ձերբակալուած  Ցուցարարներէն Ոմանք Ազատ Արձակուեցան

7 Հոկտեմբերի Ցոյցին Ձերբակալուած Ցուցարարներէն Ոմանք Ազատ Արձակուեցան

Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտայի որոշումով` քաղաքացիական շարժումին անդամ եւ 7 հոկտեմբերին ձերբակալուած 11 ցուցարարներ տարբեր ոստիկանատուներէ փոխադրուեցան Զինուորական ատեան` հարցաքննութեան ենթարկուելու: Հարցաքննութեան ետք, Զինուորական ատեանը ազատ արձակեց 5 արգելափակեալներ եւ ձերբակալուած պահեց հինգ ուրիշներ: Նշենք, որ Զինուորական ատեանին մօտ գտնուող ձերբակալեալները արգելափակուած են ապահովութեան ուժերուն դէմ յարձակումներ եւ խոշտանգումներ կատարելու յանցանքով: Իսկ կէսօրին արգելափակեալներուն ընտանիքները բողոքի...

Լիբանանի Գեղեցկութեան Թագուհին`  Վալերի Ապու Շաքրա

Լիբանանի Գեղեցկութեան Թագուհին` Վալերի Ապու Շաքրա

Երէկ` երկուշաբթի, 12 հոկտեմբերին, հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ կազմակերպութեամբ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին, «Լիբանանի գեղեցկութեան թագուհի»-ի ընտրութեան  հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի մէջ, Լիբանանի գեղեցկութեան թագուհի ընտրուեցաւ Վալերի Ապու Շաքրա: Առաջին անգամ ըլլալով, Լիբանանի գեղեցկուհին կ՛ունենայ երկու առաջին փոխանորդ` անոր ետին երկրորդ հանդիսացած երկու գեղեցկուհիներու նիշերուն հաւասարութեան պատճառով:  

«25 Տարի Շարունակ Երկրին  Իշխած Քաղաքական  Խաւը Պատասխանատու Է Լիբանանի  Պարզած Այսօրուան Իրավիճակին»  Շեշտեց Զօր. Աուն

«25 Տարի Շարունակ Երկրին Իշխած Քաղաքական Խաւը Պատասխանատու Է Լիբանանի Պարզած Այսօրուան Իրավիճակին» Շեշտեց Զօր. Աուն

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կազմակերպութեամբ, երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ կուսակցութեան անդամներն ու համակիրները սկսան ուղղուիլ Պաապտա` ոգեկոչելու համար 13 հոկտեմբեր 1990-ին զոհուած լիբանանեան բանակի նահատակներուն յիշատակին 25-ամեակը: Դէպի նախագահական պալատ տանող Պաապտայի ճամբան ներկուեցաւ նարնջագոյնով, երբ Ազգային ազատ հոսանքի հետեւորդներուն ծովածաւալ բազմութիւնը ծածկեց նախագահական պալատի շրջակայքը: Ոգեկոչման պաշտօնական ձեռնարկը սկսաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, նախարար Ժըպրան Պասիլի կողմէ...

Մինչեւ Ե՛րբ Քարկոծել Եզակի Այս Կառոյցը (Լիբանանեան Բանակի 70-Ամեակ)

Բանակը Ռմբակոծեց Ահաբեկիչներուն Դիրքերը` Պատճառելով Մարդկային Եւ Նիւթական Վնասներ

Լիբանանեան բանակը երէկ բուռն կերպով ռմբակոծեց Արսալի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքները` թիրախ դարձնելով հաւատադրժողական խմբաւորումներու անդամ զինեալներուն դիրքերը: Բանակը ռմբակոծեց նաեւ Խէյլ հովիտը, ուր գտնուող ահաբեկիչներուն շարքերուն մէջ արձանագրեց զոհեր ու վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ պատճառեց նիւթական վնասներ` քանդելով զինեալներուն օգտագործած զրահապատները:  

Շաբաթավերջին Կարգ Մը Ցուցարարներ  Ազատ Արձակուեցան, Իսկ Ուրիշներու Դէմ  Ամբաստանագիրներ Արձակուեցան

Շաբաթավերջին Կարգ Մը Ցուցարարներ Ազատ Արձակուեցան, Իսկ Ուրիշներու Դէմ Ամբաստանագիրներ Արձակուեցան

Քաղաքացիական շարժումի անդամներ շաբաթ կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին հաւաքուեցան Ռամլեթ Պայտայի ոստիկանատան դիմաց` պահանջելու համար ձերբակալուած ցուցարարներուն ազատ արձակումը: Շուրջ ժամ մը ետք Ռամլեթ Պայտայի ոստիկանատունէն երկու, իսկ Հպէյշ ոստիկանատունէն մէկ հոգի ազատ արձակուեցան: Իսկ աւելի ուշ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր 8 հոկտեմբերի ցոյցին մասնակցած եւ ձերբակալուած 11 ցուցարարներ, ինչպէս նաեւ 19 փախուստ տուած ցուցարարներ ամբաստանեց...

Էլիաս Սքաֆ Ոչ Եւս Է

Էլիաս Սքաֆ Ոչ Եւս Է

Էլիաս Սքաֆ Ժողովրդական պլոք կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Էլիաս Սքաֆ շաբաթ, 10 հոկտեմբեր 2015-ին մահացաւ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան: Էլիաս Սքաֆ ծնած է 1948-ին, Կիպրոս: Ան իր մանկութիւնը ապրած է Նոր Զելանտայի մէջ, իսկ 1975-ին վերադարձած է Պէյրութ: Աւարտած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը` մասնագիտանալով երկրագործական ճարտարագիտութեան մարզին մէջ: 1992-ի եւ 1996-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ան երեսփոխան ընտրուած է Պեքաայի շրջանէն, իսկ 2000-ին...

«Առեւանգուած Բանակայիններուն Հարազատներուն  Շարժումները Վնաս Կը Հասցնեն  Իրենց Զաւակներուն Թղթածրարին Լուծման»  Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

«Առեւանգուած Բանակայիններուն Հարազատներուն Շարժումները Վնաս Կը Հասցնեն Իրենց Զաւակներուն Թղթածրարին Լուծման» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Ապպաս Իպրահիմ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ այցելեց Քուէյթ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Քուէյթի իշխանին, խորհրդարանի նախագահին, պաշտպանութեան նախարարին եւ գաղտնի սպասարկութեան պետին հետ: Միւս կողմէ, Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ ինք լաւ կը զգայ առեւանգուած բանակայիններուն հարազատներուն ցաւը եւ կ՛ընդունի, որ անոնց իրաւունքն է իրենց զաւակները պահանջել, «սակայն անոնց կատարած շարժումները, նստացոյցերն ու բողոքի ցոյցերը վնաս կը հասցնեն...

Page 896 of 986 1 … 895 896 897 … 986

Արխիւներ