Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները Բողոքի Նստացոյց Մը Կատարեցին Վարչապետին Բնակարանին Դիմաց

October 10, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

zinvor1_10-09-15

Առեւանգուած բանակայիններուն հարազատները երէկ կէսօրին խմբուեցան Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ, ուրկէ ուղղուեցան ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոն` փակելու համար ճամբան:

Կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն մինչեւ 3:30 անոնք փակեցին ճամբան եւ փողոցին մէջտեղը նստելով արգիլեցին ապահովութեան ուժերուն կողմէ այդ ճամբուն վերաբացումը:

Ներքին գործոց նախարարութեան դիմաց հաւաքուած առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները ընդգծեցին, որ իրենց զաւակներուն թղթածրարին պատասխանատու են կառավարութիւնը, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որոնք կ՛անտեսեն այդ զինուորներուն թղթածրարը:

Նշենք, որ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք խոստացաւ երեքշաբթի, 13 հոկտեմբերին հանդիպում մը ունենալ առեւանգուած բանակայիններու հարազատներուն մէկ պատուիրակութեան հետ:

Առեւանգուածներուն հարազատները Սանայեհէն ուղղուեցան Մսայթպէ, ուր անոնց արտօնուեցաւ մուտք գործել վարչապետ Թամմամ Սալամի բնակարանին շրջափակը եւ հոն կատարել իրենց բողոքի նստացոյցը:

«Մենք եկած ենք վարչապետ Սալամին յիշեցնելու, թէ մեր զաւակներուն թափած արեան իւրաքանչիւր կաթիլը ձեր եւ կառավարութեան պատասխանատուութիւնն է», նշեցին անոնք:

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շնորհակալութիւն յայտնեց բանակայինները ազատ արձակելու առումով Լիբանանի կառավարութեան հետ գործակցող պետութիւններուն` շեշտելով, որ առեւանգող կողմը պատրաստակամ չէ կատարելու իր խոստումը եւ ազատ արձակելու բանակայինները, ինչ որ կը դժուարացնէ այս թղթածրարին լուծումը:

Իպրահիմ ընդգծեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն այդ առումով, սակայն նաեւ կը հաստատեն, որ տակաւին աշխատանքը ընթացքի մէջ է:

Միւս կողմէ, Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի նախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք ցաւ յայտնեց առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարին անլոյծ մնալուն համար եւ շեշտեց, որ Քաթար եւ Թուրքիա առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակման բանալիները կրնան ըլլալ:

Նախորդը

Պըրրի. «Եթէ Երկխօսութեան Մէջ Չյաջողինք, Ոմանք Մեր Վրայ Իրենց Կեցուածքները Պիտի Պարտադրեն»

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներ Մտահոգ Են Զօրքերու Շփման Գիծին Վրայ Լարուածութեան Աճով» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.