Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքացիական Շարժումը Պահանջեց Ազատ Արձակել Ցոյցին Ընթացքին Ձերբակալուածները

Հոկտեմբեր 10, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

kisher_tsuyts_10-09-15

Քաղաքացիական ընկերութիւնը ներկայացնող զանազան արշաւները, որոնք իրենց շարժումին շրջագիծին մէջ նախանցեալ օր ցոյց մը կատարած էին եւ բախումներ ունեցած ապահովութեան ուժերուն հետ ու քանդած անձնական կառոյցներ, երէկ առաւօտեան ուղղուեցան Զինուորական ատեան, ուր անոնք պահանջեցին ազատ արձակել ցոյցին ընթացքին ձերբակալուած քաղաքացիները:

Քաղաքացիական շարժումի իրաւաբանները հանդիպում մը ունեցան Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըրի հետ եւ անոր ներկայացուցին քաղաքացիական շարժումին պահանջը:

Հանդիպումէն ետք իրաւաբանները յայտնեցին, որ Սաքըր կը մերժէ ձերբակալուած ցուցարարները ազատ արձակել:

Անոնք բողոքեցին նաեւ այն իրականութենէն, որ ձերբակալուածներուն մասին ճշգրիտ թիւ եւ անուանացանկ չունին եւ չեն գիտեր, թէ ձերբակալեալները ո՛ր ոստիկանատուները փոխադրուած են:

Իրաւաբանները շեշտեցին, որ քաղաքացիական շարժումը պիտի որոշէ, թէ ինչպիսի՛ ճնշումներ պիտի բանեցնէ` ազատ արձակելու համար արգելափակեալները:

«Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւի համակարգող Նեհմաթ Պատրէտտին նշեց, որ ցուցարարներուն նկատմամբ վատ վերաբերմունք ունենալու տրամադրութիւն գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի եւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք պատասխանատու են ցուցաբերուած այդ վատ վարուելակերպին:

Քաղաքացիական շարժումին անունով Պատրէտտին լիբանանցիները հրաւիրեց ցոյցի, որ պիտի կատարուէր երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Արդարութեան պալատին դիմաց` նկատի ունենալով, որ անիկա տակաւին լիբանանցիներուն վստահութիւնը վայելող կառոյց մըն է:

Սակայն պէտք է աւելցնել, որ ապահովութեան ուժերը երէկ կէսօրին ազատ արձակեցին նախանցեալ երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի ցոյցին ընթացքին ձերբակալուած` իգական սեռին պատկանող չորս քաղաքացիներ:

Իսկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին ազատ արձակուեցան չորս անչափահասներ եւ իգական սեռի այլ ներկայացուցիչ մը:

Ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ յայտնեց, որ նախանցեալ օր Կեդրոնական Պէյրութի ցոյցին ընթացքին ձերբակալուած են 33 քաղաքացիներ, որոնցմէ ազատ արձակուած են 5 իգական սեռի ներկայացուցիչներ եւ 4 անչափահասներ:

Ան աւելցուց նաեւ, որ մնացեալ ձերբակալեալներուն հետ հարցաքննութիւնները կը շարունակուին` աւելցնելով, որ բոլոր ձերբակալեալները իրենց ընտանիքներուն հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կատարած են, իսկ անոնք, որոնք խռովարարութիւն չեն կատարած, ազատ պիտի արձակուին:

Միւս կողմէ, քաղաքացիական շարժումի անդամ երիտասարդներ երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին փակեցին ներքին գործոց նախարարութեան ճամբան` պահանջելով արգելափակեալ ցուցարարներուն ազատ արձակումը:

Երկուքուկէս ժամուան նստացոյցէն ետք, շարժումը վերաբացաւ ճամբան:

Նշենք, որ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ առաւօտեան ստուգեց Կեդրոնական Պէյրութի մէջ արձանագրուած նիւթական վնասները եւ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

 

 

 

Նախորդը

Արթիւր Նազարեան – Ժոտոնյը Հանդիպում

Յաջորդը

Ձեռնարկ` «Համաշխարհային Ա. Պատերազմի 100-Ամեակ 1914-2014» Գիրքի Հրատարակութեան Առիթով

RelatedPosts

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Մայիս 9, 2025
Սալամ Հիւսիսային Պեքա Այցելութեան Ընթացքին  Արեւելեան Սահմանները Զննեց  Եւ Գնահատեց Բանակի Ջանքերը
Լիբանանեան

Սալամ Հիւսիսային Պեքա Այցելութեան Ընթացքին Արեւելեան Սահմանները Զննեց Եւ Գնահատեց Բանակի Ջանքերը

Մայիս 9, 2025
«Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հաւասարութիւնը  Պահպանելու Փորձեր Կան, Սակայն Մինչեւ  Այս Պահս Ոչինչ Երաշխաւորուած Է»  Կ՛ըսէ Պու Սաապ
Լիբանանեան

«Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հաւասարութիւնը Պահպանելու Փորձեր Կան, Սակայն Մինչեւ Այս Պահս Ոչինչ Երաշխաւորուած Է» Կ՛ըսէ Պու Սաապ

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?