Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 12, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ կը զգուշացնէ Լիբանանին սպառնացող աղէտալի իրավիճակէն` շեշտելով, որ երկրին մէջ տիրող քաղաքական տագնապը կ՛ուղղուի դէպի յաւելեալ լարուածութիւն:

ՏԱՐ Ֆաթուայի համաձայն, չորեքշաբթի, 14 հոկտեմբերը Հըժրայի տարուան առաջին օրն է:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը առկայ է, որովհետեւ անոր մասին լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ համախոհութիւն կայ:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանը շրջանային տագնապներէն հեռու պահել եւ ոչ թէ զայն ներքին տարակարծութիւններուն միջամուխ դարձնել:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ կոչ ուղղեց արագացնելու նախագահական ընտրութիւնը` կարգաւորելու համար պետական հաստատութիւններուն աշխատանքային ընթացքը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի դրուատեց լիբանանեան Կարմիր խաչին ի գործ դրած ջանքերը` ծառայելու համար լիբանանցիներուն:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատու Անթուան Նասրալլա յայտնեց, որ եթէ գնդապետ-զօրավար Շամել Ռուքոզ այլ համայնքի մը զաւակը ըլլար, նոյն ճակատագիրին չէր ենթարկուեր:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյեսը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող իրադարձութիւնները:

ԱՆԿԱԽ Նասըրականներու Մուրապիթուն շարժումի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական միջամտութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով կարեւոր զարգացում կը նկատուի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ ինք պոյքոթի պիտի ենթարկէ հանրօգուտ շինութեանց հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբին նիստերուն մասնակցութիւնը, եթէ երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի նախագահէ այդ նիստերուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութիւնը թիրախ դարձնելու իրականութիւնը Լիբանանի համար օգտակար է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ շեշտեց, որ Ռուսիոյ կողմէ Սուրիոյ մէջ կատարուած զինուորական գործողութիւնները այդ տագնապին լուծման առումով անկիւնադարձային են:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ոչ մէկ դերակատարութիւն պիտի ունենայ Սուրիոյ տագնապին լուծման փոխանցման շրջանին, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ ապագային վրայ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին ընդգծեց, որ երկխօսութեան առիթը կորսնցնող կողմը ներկայիս եւ ապագային պիտի կրէ այդ առիթը կորսնցնելուն հետեւանքները:

 

 

Նախորդը

Զոհերուն Թիւը Բարձրացաւ 122-ի. Անգարայի Ականահարման Վայրին Մէջ Բողոքի Ցոյց

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Յաւելեալ Օժանդակութիւն Պիտի Տրամադրեն Լիբանանի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.