Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ոմանք Քաղաքացիական Շարժումը Իր Բուն Նպատակներէն Կը Շեղեն» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

October 10, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Salam_Asiri_10-09-15
Ասիրի եւ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Վարչապետ Սալամ աւելի ուշ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց նախանցեալ երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած ցոյցն ու արձանագրուած նիւթական վնասները:

Վարչապետ Սալամ ընդգծեց ցուցարարներուն ազատութեան իրաւունքին յանձնառու մնալու կարեւորութիւնը` շեշտելով խաղաղ ցոյցեր կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ ընդգծեց օրէնքը գործադրելու կարեւորութիւնը, յատկապէս անոնց դէմ, որոնք ապահովութեան ուժերուն վրայ կը յարձակին, զանոնք կը քարկոծեն, ինչպէս նաեւ խուլիկանութիւններ կը կատարեն եւ մարդոց ինչքերը կը քանդեն:

Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ ոմանք կը փորձեն քաղաքացիական շարժումը իր նպատակներէն շեղել, որպէսզի զայն օգտագործեն լիբանանցիներուն շահերը ոտնակոխելու համար:

«Երկրին ապահովական կայունութիւնը կարմիր գիծ է, եւ օրէնքի խախտումն ու ապահովութեան ուժերուն եւ հանրութեան ինչքերուն դէմ յարձակումները խիստ կերպով պիտի զսպուին», ընդգծեց ան:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարար Սելիմ Ուարտէ եւ Թրիփոլիի տնտեսական շրջանի նախագահ, նախկին նախարար Ռայա Հասան:

Նշենք, որ վարչապետարանի այցելուներուն համաձայն, Սալամ կ՛ուղղուի կառավարութիւնը նիստի մը հրաւիրելու յառաջիկայ հինգշաբթի օր` վաւերացնելու համար աղբի տագնապին լուծման ծրագիրին գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ Աքքարին տրամադրելու անոր բարգաւաճման յատկացուած գումարին առաջին բաժինը:

 

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա Ընդունեց Ապպաս Իպրահիմը

Յաջորդը

Պըրրի. «Եթէ Երկխօսութեան Մէջ Չյաջողինք, Ոմանք Մեր Վրայ Իրենց Կեցուածքները Պիտի Պարտադրեն»

RelatedPosts

Իսրայէլեան Յարձակումներու  Սաստկացման Զուգահեռ.  Դիւանագիտական Սերտ Շփումներ  Յաւելեալ Թափ Կ՛առնեն
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Յարձակումներու Սաստկացման Զուգահեռ. Դիւանագիտական Սերտ Շփումներ Յաւելեալ Թափ Կ՛առնեն

March 9, 2026
Սուրիոյ Նախագահ Ահմետ Շարեհ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Վարչապետ Սալամի Հետ
Լիբանանեան

Սուրիոյ Նախագահ Ահմետ Շարեհ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Վարչապետ Սալամի Հետ

March 9, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.