
Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:
Հանդիպումէն ետք Մուքպել յայտնեց, որ բանակայիններուն պաշտօնի բարձրացման թղթածրարը եւ այդ իմաստով գոյանալիք համաձայնութեան վերաբերեալ շրջանառութեան մէջ դրուած յայտարարութիւնները վերջ գտած են:
Ան հաստատեց, որ այդ հարցը արծարծողը պէտք է իմանայ, որ այս իմաստով պաշտպանութեան նախարարութեան օրէնքները յստակ են:
Մուքպել ընդգծեց, որ ինք զօր. Սլէյմանի հետ քննարկած է երկրին քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները: