Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն հիման վրայ շեշտեց, որ Մաշարիհ Քաայի մէջ կատարած է խուզարկումներ եւ ձերբակալած 111 սուրիացի գաղթականներ, որոնք առանց փաստաթուղթի մուտք գործած են Լիբանան եւ որոնցմէ 82-ը պահանջուած են դատական իշխանութիւններուն կողմէ:
Նշենք, որ Պետական անվտանգութեան ուժերը հարաւային Լիբանանի մէջ ձերբակալեցին սուրիացի Օ. Զ.-ն, որ ուղղակի կապի մէջ է Սուրիոյ մէջ գտնուող Ժապհաթ Նուսրայի պատասխանատուներուն հետ: