Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Հոկտեմբեր 10, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի քաղաքացիական շարժումը համեստ դասակարգին անդամներուն միջեւ բախումներու չվերածուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիուկօ Շորթըր յայտնեց, որ Բրիտանիա մտահոգ է Սուրիոյ մէջ ռուսական միջամտութեան Լիբանանի վրայ ունենալիք հետեւանքներէն: Ան յոյս յայտնեց, որ Լիբանան շուտով հանրապետութեան նախագահ մը ունենայ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ գնդապետ-զօրավար Շամել Ռուքոզի զինուորական աստիճանաւորումը բարձրացնելու ոչ մէկ յոյս կայ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ պայքարին նպատակն է Սուրիան պահել Իսրայէլի դիմադրութեան առանցքին մէջ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ իրենք անիրաւութեան պիտի յաղթեն, այնպէս ինչպէս յաղթած են նահատակները` իրենց անձնազոհութեամբ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ նախանցեալ օր Կեդրոնական Պէյրութի մէջ պատահածը քաղաքացիական ընկերութեան եւ ժողովուրդին պահանջներուն կը վնասէ:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ հաւանական նկատեց, որ կառավարութիւնը յաջորդ շաբթուան ընթացքին գումարէ նիստ մը` վաւերացնելու համար աղբի տագնապի լուծման ծրագիրը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ ընդգծեց երկխօսութեան կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ անիկա լիբանանցիներուն գործելաոճն է:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ հիւսիսային Լիբանանը ենթակայ ըլլայ ապահովական ցնցումներու, զորս պիտի պատճառեն ահաբեկիչները` ականահարումներ կատարելով:

Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, պայթումներ պիտի արձանագրուին նաեւ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ կառավարութիւնը մօտիկ ապագային պիտի գումարէ նիստ մը` վաւերացնելու համար աղբի տագնապի լուծման ծրագիրին գործադրութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Քերիմ Բագրատունի յայտնեց, որ բարեկարգումը պէտք է սկսիլ Թաէֆի համաձայնագիրէն, որովհետեւ անիկա է ներկայիս ստեղծուած անհաւասարակշռութեան պատճառը:

 

 

Նախորդը

Թուրքիան Ռուսական Յարձակումէ Պաշտպանելու Համար Միասնակամութեան Կոչ Ուղղելէ Ետք. «Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Օդային Հարուածները Ամբողջ Շրջանը Կը Վտանգեն» Կ՛ըսէ Քարթըր

Յաջորդը

Բանակն Ու Պետական Անվտանգութիւնը Ձերբակալեցին Ահաբեկիչ Մը Եւ Մեծ Թիւով Յանցագործներ

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?