Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ձեռնարկ` «Համաշխարհային Ա. Պատերազմի 100-Ամեակ 1914-2014» Գիրքի Հրատարակութեան Առիթով

October 10, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

100_dari_10-09-15

Մարդկային գիտութիւններու միջազգային կեդրոնին նախաձեռնութեամբ հրատարակուեցաւ «Համաշխարհային Ա. պատերազմի 100-ամեակ 1914-2014» գիրքը, որուն երկու հատորները ներկայացուեցան գիրքին հրատարակութեան առիթով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկի մը ընթացքին:

Ձեռնարկը վայելեց մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժիի հովանաւորութիւնը, իսկ այդ առիթով խօսքեր արտասանեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն, «Սաֆիր» օրաթերթի խմբագրապետ-տնօրէն Թալալ Սալման, Մարդկային գիտութիւններու միջազգային կեդրոնի տնօրէն Ատոնիս Աքրա եւ գիրքի խմբագրութեան հսկողութեան պատասխանատու Ժոզեֆ Ապու Նոհրա:

Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ 100-ամեակ մը ետք ոչ ոք անցեալէն դասեր քաղած է, իսկ այսօրուան հարցումն է հետեւեալը. «Մենք ի՞նչ կատարած ենք կանխարգիլելու համար պատերազմը, ցեղասպանութիւնը, սպանդը, բռնագաղթը, քանդումն ու սովը: Արդեօք արաբական այս շրջանին մէջ իրաւունք ունի՞նք երազելու բռնատիրութեան, գաղութատիրութեան եւ ահաբեկչութեան ո՛չ ըսելու, տկար ըլլալու եւ օտարին ծառայելու բարդոյթէն դուրս գալու, մեր հարստութիւնները օգտագործելու մեր ժողովուրդներուն շահերուն համար եւ ոչ այս կամ այն պետութեան շահերուն համար, պետութիւններ, որոնք կը շահագործեն մեր հարստութիւնները եւ մեզ կը սպաննեն այնպիսի զէնքերով, որոնց գինը մենք վճարած կ՛ըլլանք»:

Երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ.

«Ես թոռն եմ նահատակի մը եւ զաւակը` Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած հայու մը: Արդեօք ես իրաւունք ունի՞մ այս շրջանին մէջ իմ արաբ եղբայրներուս հետ գոռալու հետեւեալը. թոյլ տուէք, որ երկիրս ապրի: Արդեօք ես իրաւունք ունի՞մ պահանջելու արաբական զարթօնք մը` արաբ ժողովուրդը փրկելու նոր գաղութատիրութենէն եւ նոր դրութենէն»:

Յ. Բագրատունի իր խօսքը եզրափակեց կոչ ուղղելով միասնաբար գործելու` ի խնդիր ապահովութեան եւ խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ անցեալը յիշելու` արգիլելու համար անոր կրկնութիւնը ապագային:

 

 

Նախորդը

Քաղաքացիական Շարժումը Պահանջեց Ազատ Արձակել Ցոյցին Ընթացքին Ձերբակալուածները

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլա Ընդունեց Ապպաս Իպրահիմը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Ուսուցչաց Տօնը` Պատերազմական  Մթնոլորտի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Ուսուցչաց Տօնը` Պատերազմական Մթնոլորտի Մէջ

March 9, 2026
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գաղութային

Հայրապետական Կոչ Միջին Արեւելքի Մեր Թեմերու Ժողովուրդին⁷

March 9, 2026
Հինգշաբթի Օր Ժընեւի Մէջ Բանակցութիւննե՞ր.  Փեզեշքիան Դրացի Երկիրներէն Ներում Կը Հայցէ, Սակայն…
Գլխաւոր լուրեր

Հինգշաբթի Օր Ժընեւի Մէջ Բանակցութիւննե՞ր. Փեզեշքիան Դրացի Երկիրներէն Ներում Կը Հայցէ, Սակայն…

March 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.