Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Ռիչըրտ Ճոնզը
Ճոնզ եւ վարչապետ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Ճոնզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ճոնզ շեշտեց, որ Ուաշինկթըն կառչած կը մնայ Լիբանանի նկատմամբ իր յանձնառութեան, ինչպէս նաեւ բարձր կը գնահատէ ժողովրդավարական միացեալ արժանիքները: Ճոնզ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամի հետ քննարկած է նաեւ երկրին քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական մարզերը...
















