Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան այսօր` ուրբաթ, 6 նոյեմբեր 2015-ին Գերմանիոյ Հայլտըրպըրկ համալսարանին մէջ պիտի դասախօսէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին` հիմնուելով հետեւեալ խորագիրին վրայ. «24 ապրիլը հայոց յիշողութեան մէջ»:
Նշենք, որ այս դասախօսութիւնը կ՛իյնայ համալսարանին մէջ «100 տարիէ ի վեր Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան կացութիւնը» խորագիրը կրող խորհրդաժողովին շրջագիծին մէջ: