Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Նոյեմբեր 6, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնած են, թէ աղբի տագնապին լուծման առումով ոչ մէկ լուրջ ծրագիր կայ: Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, վարչապետ Սալամ ընդգծած է, որ կառավարութիւնը նիստի մը պիտի չհրաւիրէ` առանց աղբի տագնապին լուծումը երաշխաւորելու:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Աքրամ Շեհայէպ շեշտեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ իրմէ խնդրած է վարչապետ Թամմամ Սալամին նեցուկ կանգնիլ` աղբի տագնապին լուծման առաքելութեան մէջ:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախարարներուն կողմէ վարչապետ Թամմամ Սալամին տրուած այցելութեան նպատակն էր անկէ պահանջել, որ կառավարութիւնը նիստի հրաւիրէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Պատր Ուաննուս կոչ ուղղեց վարչապետ Թամմամ Սալամին եւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքին բռնի ուժով պարտադրելու լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ առողջապահական չափանիշներով աղբանոցներու հաստատումը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ ամէնէն աւելի անհրաժեշտը նախագահական ընտրութիւնն է եւ կառավարութեան նիստերուն գումարումը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր յայտնեց, որ ցարդ մշակուած ընտրական օրինագիծերը քրիստոնեայ համայնքին համար անարդար են` նկատի ունենալով, որ այդ համայնքը տարածուած է լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ ազգային երկխօսութեան նիստը կարելի չէ նկատել երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը կատարող այլընտրանք մը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյեսը: Հանդիպումը ունէր ծանօթացման բնոյթ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ձերբակալած է սուրիացի մը, որ Նապաթիէի մէջ 6 վաճառատուներ գողցած է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը անզգալաբար կը ծառայեն ՏԱՀԵՇ-ի ծրագիրին: «Դիմադրութեան ամուր կեցուածքով, եւ բանակին ու ժողովուրդին հետ անոր զոհողութիւններուն ընդմէջէն կարելի եղաւ հաւատադրժողական շարժումներուն վտանգը հեռացնել Լիբանանէն», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

ՔԱԿ Վերջ Տուաւ Թուրքիոյ Հետ Միակողմանի Զինադադարին

Յաջորդը

Մաշնուք Հերքեց Սէուտցի Իշխանը Լիբանանցիներու Հետ Փոխանակելու Մասին Շրջանառութեան Մէջ Դրուած Տեղեկութիւնները

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?