Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանի Օրէնսդրական Նիստին Մասնակցութեան Մասին Թեր Եւ Դէմ Կեցուածքները Կը Շարունակուին

Նոյեմբեր 6, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սլէյման Ֆրենժիէ
Սլէյման Ֆրենժիէ

Խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին մասնակցութեան առումով թեր եւ դէմ կեցուածքները երէկ շարունակուեցան:

Այդ կեցուածքներուն շրջագիծին մէջ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ընդգծեց, որ Ազատ եւ միացեալ Լիբանան երեսփոխանական պլոքը պիտի մասնակցի օրէնսդրական նիստին, որովհետեւ այս հանգրուանին նման նիստի մը գումարումը անհրաժեշտութիւն է:

«Քաղաքական տարակարծութիւնները պէտք չէ ժխտական ազդեցութիւն ունենան երկրին եւ քաղաքացիներուն շահերուն վրայ», շեշտեց Ֆրենժիէ:

Իր կարգին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հաստատեց, որ ինք եւ իր նախագահած երեսփոխանական պլոքը պիտի մասնակցին օրէնսդրական նիստին` զգուշացնելով, որ այդ նիստին մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելը համազօր է ինքնասպանութեան:

Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Լիբանան տնտեսապէս կարիքը ունի Միջազգային դրամատան տրամադրելիք վարկերուն` աւելցնելով, որ նման առիթներ միշտ չեն պատահիր, եւ պէտք է Լիբանան օգտուի իրեն ընծայուած այս բացառիկ առիթէն:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան յատուկ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքը պիտի չմասնակցին խորհրդարանական նիստին:

Անոնք շեշտեցին, որ ընտրական եւ քաղաքացիութիւն շնորհելու օրինագիծերը նոյնքան կարեւոր են, որքան տնտեսական ազդակն ու Միջազգային դրամատան կողմէ Լիբանանի ստանալիք վարկերը:

Այս շրջագիծին մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն նախկին նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պիտի չմասնակցի պակասաւոր օրակարգով օրէնսդրական նիստի մը:

Իր կարգին, համախմբումի անդամ Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ իրենց պահանջն է ընտրական եւ քաղաքացիութիւն շնորհելու, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարաններուն յատուկ գումարները ապահովելու օրինագիծերուն քննարկումը:

Լիբանանեան ուԺեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան իր կարգին պահանջեց ընտրական եւ քաղաքացիութիւն շնորհելու օրինագիծերուն վաւերացումը:

Ատուան ընդգծեց ընտրական օրէնքը վաւերացնելու անհրաժեշտութիւնը` զայն նկատելով բարեկարգումի, ազգային ուխտի գործադրութեան եւ պետութեան վերականգնումի հիմք:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ օրէնսդրական նիստին մասնակցութեան առումով Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնները իրարու հետ կը խորհրդակցին` աւելցնելով, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը եւս ընդարձակ հանդիպում մը պիտի կատարեն` քննարկելու համար այդ նիստին իրենց մասնակցութիւնը, նկատի ունենալով, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կը մերժէ այդ նիստին մասնակցիլ քրիստոնեայ տարրին բացակայութեան:

Նախորդը

Պութրոս Հարպ Վարչապետարանէն Կը Պահանջէ Լուծել Աղբի Տագնապը

Յաջորդը

Պայթում Մը Թիրախ Կը Դարձնէ Արսալի Սապիլ Հրապարակը

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?