Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Կիներու Ազգային Խորհուրդը Ներկայացուց Իր Աշխատանքային Ռազմավարութեան Գործադրութեան Առաջին Տեղեկագիրը

November 5, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

sossy_poladian_110415

Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը անցեալ շաբաթավերջին «Քոմոտոր» պանդոկին մէջ ներկայացուց խորհուրդին մշակած 2011-2021 տասնամեայ աշխատանքային ռազմավարութեան գործադրութեան առաջին տեղեկագիրը` ներկայութեամբ լիբանանեան եւ միջազգային կազմակերպութիւններու, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ տարբեր նախարարութիւններու եւ պետական ու պաշտօնական խորհուրդներու վարչութիւններուն ներկայացուցիչներուն:

Տեղեկագիրը ներկայացուց Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդի պատասխանատու անդամ Սօսի Փօլատեան, որ յայտնեց, թէ խորհուրդը իր տեղեկագիրը պատրաստած է ՄԱԿ-ի բնակչութեան սնտուկին եւ քաղաքացիական ընկերութեան 40 տարբեր կազմակերպութիւններու հետ գործակցաբար:

Սօսի Փօլատեան յայտնեց, որ նախքան իր ռազմավարութիւնը պատրաստելը, խորհուրդը կատարած է տեղեկահաւաք մը, ինչպէս նաեւ վիճակագրութիւններ, որոնց արդիւնքներուն հիման վրայ ճշդած է աշխատանքային իր ռազմավարութիւնը:

Փօլատեան կոչ ուղղեց յաւելեալ ջանքեր ի գործ դնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ յաւելեալ իրագործումներ իրականացնել:

Ան նշեց, որ նախորդ տարիներուն ընթացքին Լիբանանի մէջ կարելի եղաւ իրագործել սեռերու միջեւ հաւասարութիւնը, որուն շօշափելի փաստը կարելի է նկատել Լիբանանի մասին «ՍԻՏԱՈՒ»-ի պատրաստած պաշտօնական տեղեկագիրին մէջ:

Փօլատեան ընդգծեց, որ «ՍԻՏԱՈՒ»-ի տեղեկագիրը այս շաբթուան ընթացքին պիտի քննարկուի` աւելցնելով, որ երկրին տարբեր մարզերուն մէջ կան բազմաթիւ հարցեր եւ բացթողումներ, որոնց լուծման համար Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը պիտի շարունակէ իր ջանքերը:

 

 

Նախորդը

Պասիլ Սուրիացի Գաղթականներուն Թղթածրարը Քննարկեց Աւստրալիոյ Գաղթականութեան Նախարարին Հետ

Յաջորդը

Վարչապետարանին Մէջ. Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Նախարարները Կը Պահանջեն Աղբը Երկրէն Դուրս Հանել

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.