ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ Զղարթայի մէջ խուզարկումներ կատարեց եւ ձերբակալեց շարք մը սուրիացիներ, որոնք Լիբանան եկած են առանց փաստաթուղթերու:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Քննարկուեցան թափուր մնացած նախագահական աթոռին ունեցած հետեւանքները երկրին ընդհանուր իրավիճակին վրայ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանին վերաբերող շարք մը հարցեր:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի քաղաքական խորհրդատու Ուեհպէ Քաթիշա յայտնեց, որ իրենք օրէնսդրական նիստին պիտի չմասնակցին, այնքան ատեն որ ընտրական օրէնքը օրակարգի վրայ չէ:
ՊՔԵՐՔԷԻ մօտիկ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ միակ անհրաժեշտ օրէնսդրութիւնը նախագահական ընտրութիւնն է:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այցելուները «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ պէտք է գումարել խորհրդարանի լիագումար նիստ մը, որպէսզի Լիբանանը աղբանոցի չվերածուի:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան որոշումը` օրէնսդրական նիստին մասնակցելու առումով, յաջորդ շաբթուան կիսուն պիտի յայտարարուի:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կտրականապէս կը մերժէ օրէնսդրական նիստին մասնակցիլ:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շեշտեց, որ իրենք կը գտնուին այնպիսի նաւու մը մէջ, որուն ներքին պատերը քանդումի կ՛ենթարկուին, իսկ նաւուն ղեկը խանգարուած է:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կողմէ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի տրուած իրաւասութիւնը կը սահմանափակուի աղբանոցներ գտնելու աշխատանքով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները ընթացքի մէջ են` օրէնսդրական նիստին մասնակցելու առումով զայն համոզելու համար:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս շեշտեց, որ համախմբումը օրէնսդրական նիստին պիտի մասնակցի, եթէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ այդ իմաստով համաձայնութիւն մը գոյանայ:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին մասնակցելու շրջագիծին մէջ խոչընդոտները համեմատաբար աւելի նուազ են:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի մօտիկ աղբիւրներ կը շեշտեն, որ ան կը մտածէ Պէյրութի մէջ աղբերու հրկիզման գործարան մը հաստատել` ելեկտրական հոսանքի արտադրութեան նպատակով:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ աղբի տագնապին լուծման համար ի գործ դրուող ջանքերը պէտք չէ ընդհատել:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ մեկնեցաւ Փարիզ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը տակաւին իր վերջնական որոշումը չէ տուած օրէնսդրական նիստին մասնակցելու իմաստով:
ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ եւ տնտեսութեան նախարար Ալեն Հաքիմ հաստատեց, որ երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական իրավիճակը տակաւին կը մնայ ամրապնդուած:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի հաստատեց, որ ազգային համերաշխութեան հետ հակադրուող որեւէ իշխանութիւն ապօրինի կը նկատուի:
ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ մէջ ռուսական միջամտութիւնը:


