Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկխօսութեան Ժ. Նիստը Պիտի Գումարուի 17 Նոյեմբերին

November 4, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

nisd2_7_110315

Երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, խորհրդարանին մէջ գումարուեցաւ երկխօսութեան Թ. նիստը, որուն նախագահեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ որուն ներկայ գտնուեցան Պըրրիի քաղաքական խորհրդատու, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ ելեկտրականութեան եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա եւ երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչ երեսփոխան Ահմետ Քարամէ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ եւ նախկին երեսփոխան Եուսեֆ Սաատէ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ եւ երեսփոխան Ալի Ֆայեատ, երեսփոխան Միշել Մըր, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ երեսփոխան Ղազի Արիտի, հաղորդակցութեան նախարար Պութրոս Հարպ եւ նախկին երեսփոխան Ժաուատ Պուլոս, երեսփոխան Թալալ Արսլան եւ Հասան Համատէ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան եւ նախկին նախարար Ալի Քանսօ, խորհրդարանի փոխնախագահ, երեսփոխան Ֆարիտ Մքարի եւ երեսփոխան Ռոպեր Ֆատել, զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն եւ Էլիաս Ապու Հալա:

Իսկ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը երկխօսութեան նիստին իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկեց:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան հանրապետութեան նախագահին յատկանիշները, ինչպէս նաեւ երկիրը յուզող աղբի հրատապ տագնապը:

Երկխօսութեան յաջորդ նիստը պիտի գումարուի երեքշաբթի, 17 նոյեմբեր 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին:

Միքաթի յայտնեց, որ երկխօսութեան իրականացուցած միակ նուաճումը այն է, որ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարները տակաւին կը հանդիպին իրարու հետ:

Իսկ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ նիստը «բացառիկ» որակեց:

Նիստէն ետք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին դարձեալ արծարծուեցաւ ժամանակաւոր կերպով աղբերը երկրէն դուրս ղրկելու առաջարկը` աւելցնելով սակայն, որ այդ իմաստով յաւելեալ խորհրդակցութիւններու կարիք կայ:

Ան նշեց, որ վարչապետ Սալամ պիտի սերտէ այդ կարելիութիւնները:

Քոսթա Պրաւայի մէջ աղբանոցի հաստատումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այդ իմաստով երեսփոխան Արսլանի արտայայտութիւնը յստակ էր` այն իմաստով, որ Շուէյֆաթի բնակչութիւնը կը մերժէ այդ առաջարկը:

Մեթնի աղբերուն մասին երեսփոխան Միշել Մըրի առաջարկին մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ Մըրի առաջարկը անմիջական լուծման նպատակով չէ, այլ լուծում մըն է, որ մէկուկէս տարի ետք կրնայ գործադրուիլ:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց քաղաքապետարաններուն նիւթական պարտաւորութիւնները անյապաղ կատարելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի անոնք կարենան լուծել աղբի տագնապը:

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ աղբի տագնապին լուծման ջանքերը կը շարունակուին` աւելցնելով, որ յաւելեալ 24 ժամ ալ կարելի է սպասել այդ առումով:

Զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն կոչ ուղղեց աղբերը երկրէն դուրս ղրկելու առաջարկը վաւերացնելու:

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ ինք ոչինչ պիտի պարտադրէ Շուէյֆաթի բնակչութեան, աւելցնելով, որ աղբերը երկրէն դուրս ղրկելու լուծումը կրնայ լաւագոյնը ըլլալ:

Նախորդը

Խորհրդարանի Դիւանի Նիստ` Նախագահութեամբ Նեպիհ Պըրրիի

Յաջորդը

Հայրենի Մամուլէն` Հայաստանի Հանրապետութեան Տնտեսութեան Մասին

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.