Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետարանին Մէջ. Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Նախարարները Կը Պահանջեն Աղբը Երկրէն Դուրս Հանել

Նոյեմբեր 5, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հաքիմ, Քազզի, Ժրէյժ եւ Սալամ
Հաքիմ, Քազզի, Ժրէյժ եւ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախարարներ Ռամզի Ժրէյժը, Սըժաան Քազզին եւ Ալեն Հաքիմը, որոնց հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ժրէյժ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամէն խնդրած են յայտարարել երկրին հարցերուն լուծումը խոչընդոտող պատասխանատուներուն ինքնութիւնը` պահանջելով աղբերը երկրէն դուրս ղրկել:

Երեկոյեան վարչապետ Սալամի այցելեց երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ: Քննարկուեցան աղբի տագնապին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Հանդիպումէն ետք Շեհայէպ յայտնեց, որ աղբի տագնապին լուծման նպատակով նշանակուած իրենց յանձնախումբը աղբը երկրէն դուրս ղրկելու պարտականութիւն չունի` աւելցնելով, որ ինք վարչապետին հետ շարունակած է քննարկել աղբի տագնապը լուծելու հեռանկարները` իր ներկայացուցած ծրագիրին գործադրութեան ընդմէջէն:

Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան միջոցներու նախարար Ղազի Զաայթեր, որ վարչապետին փոխանցեց Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած փոխադրութեան միջոցներու արաբ նախարարներու խորհրդաժողովին արդիւնքները:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս, որ Սալամի հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններն ու զարգացումները:

 

Նախորդը

Լիբանանի Կիներու Ազգային Խորհուրդը Ներկայացուց Իր Աշխատանքային Ռազմավարութեան Գործադրութեան Առաջին Տեղեկագիրը

Յաջորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Զօրակցութիւն Յայտնեց Բանակին Եւ Ապահովական Կառոյցներուն

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?