Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Նոյեմբեր 5, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իր ուժերը ձերբակալած են լիբանանցի Մ.Հ.-ն, որ Արսալի մէջ բանակին դէմ յարձակումին մաս կազմած է, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական կազմակերպութեան  անդամ է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ նախանցեալ գիշեր Թրիփոլիի Ապու Ալի հրապարակին վրայ կատարած իր խուզարկումներուն ընթացքին բացայայտած է զէնքի եւ զինամթերքի պահեստանոց մը, որուն բոլոր իրերը գրաւած է եւ այդ մասին հետաքննութիւն բացած:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Մոհամետ Մաշնուք շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը ձախողած են աղբին տագնապը լուծելու առումով եւ դարձեալ սկսած են մտածել աղբը երկրէն դուրս ղրկելու մասին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ կառավարութեան պատասխանատուութիւնն է ճշդել նոր աղբանոցներ, որոնք ժամանակաւոր դրութեամբ պիտի գործեն:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ 22 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով լիբանանեան թղթոսկիին արժէքը վտանգուած է:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան փոխկառավարիչ Մոհամետ Պաասիրի շեշտեց, որ լիբանանեան թղթոսկիին արժէքը ամուր է եւ հաստատ` ընդգծելով, որ անոր արժեզրկումին մասին մտահոգիչ ոչինչ գոյութիւն ունի:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն չէ պահանջած բան մը, որ կրնայ պետութեան վնաս հասցնել, ընդհակառակն` անոր միտքերը բարեկարգչական են:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթիներու խորհուրդը կոչ ուղղեց անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարելու:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ուալիտ Խուրի յայտնեց, որ համախմբումը տակաւին իր որոշումը չէ տուած` խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին մասնակցելու իմաստով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Պեզզի յայտնեց, որ իրենց մօտ կը գտնուին արտաքին որոշ տուեալներ, որոնք խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը անհրաժեշտ կը դարձնեն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացումին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլան շեշտեց, որ Շուէյֆաթի եւ Լեռնալիբանանի մէջ աղբանոցներու հաստատումին առումով իրենք եւ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ նոյն կեցուածքին վրայ պիտի ըլլան:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, պենզինի եւ մազութի թիթեղին սակը նուազած է 100 լ. ոսկիով:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ նախագահական թափուր աթոռին շրջագիծին մէջ գումարուելիք օրէնսդրական որեւէ նիստ հակասահմանադրական է եւ նախագահական ընտրութենէն հրաժարելու փորձ կը նկատուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ շեշտեց, որ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը արգելակող հիմնական պատճառը ընտրական եւ քաղաքացիութիւն ստանալու օրինագիծերը նկատի չառնելու քայլն է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ օրէնսդրական նիստին անհրաժեշտ ներկայութիւնը ապահովելու նպատակով խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնած է, որ իրեն համար կառավարութենէն հրաժարիլը անհաւանական չէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստէն Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն բացակայութեան պարագային, ինք իր մասնակցութիւնը պոյքոթի պիտի ենթարկէ` նկատի ունենալով, որ այդ նիստը հակասահմանադրական դարձած կ՛ըլլայ:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, Մարատա հոսանքի երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ Թրիփոլիի բոլոր ղեկավարութիւններուն հետ յարաբերութիւնները կը պահպանէ:

 

 

Նախորդը

Տաւութօղլու Իր Կուսակցութեան Յաղթանակը Նկատած Է Աննախադէպ

Յաջորդը

Պասիլ Սուրիացի Գաղթականներուն Թղթածրարը Քննարկեց Աւստրալիոյ Գաղթականութեան Նախարարին Հետ

RelatedPosts

Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պքերքէ`  Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները  Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»
Լիբանանեան

Այցելելով Պքերքէ` Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»

Նոյեմբեր 1, 2025
Աուն. «Այն Տեղեկութիւնը, Թէ Հըզպալլան Մերժած Է  Խուզարկելու Համար Հարաւային Արուարձաններու Մէջ  Դիրքերէն Մէկը Բանակին Մուտք Գործելը Սխալ Է»
Լիբանանեան

Նախագահական Պալատը Կը Յստակացնէ. «Նախագահ Աունի Պլիտայի Վրայ Յարձակումի Շուրջ Կեցուածքը Հրապարակուեցաւ Տեղեկատուութեան Գրասենեակին Կողմէ, Եւ Անոր Կողմէ Որեւէ Այլ Կեցուածք Չարտայայտուեցաւ»

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?