Լիբանանեան

«Անձիս Կամ Ազգային Ազատ Հոսանքի Հասցէին  Կատարուելիք Որեւէ Արտայայտութեան Դէմ  Դատական Հարց Պիտի Յարուցենք»  Շեշտեց Ժըպրան Պասիլ

«Անձիս Կամ Ազգային Ազատ Հոսանքի Հասցէին Կատարուելիք Որեւէ Արտայայտութեան Դէմ Դատական Հարց Պիտի Յարուցենք» Շեշտեց Ժըպրան Պասիլ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի: Նիստէն ետք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը լրատուամիջոցներուն կողմէ կը հալածուի եւ թիրախ կը դառնայ, որովհետեւ փտած չէ: Պասիլ ըսաւ, որ տեղեկատուական մարզը սերտուած կերպով թիրախ դարձուցած է Ազգային...

Արսլան. «Կտրականապէս  Կը Մերժենք Քոսթա Պրաւայի Աղբանոցը»

Արսլան. «Կտրականապէս Կը Մերժենք Քոսթա Պրաւայի Աղբանոցը»

Թալալ Արսլան Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան երէկ Շուէյֆաթի քաղաքապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ շրջանի բնակչութեան հետ` իմանալու համար Քոսթա Պրաւայի աղբանոցի հաստատումին իմաստով անոնց կեցուածքը: Հանդիպումէն ետք Արսլան յայտնեց, որ Շուէյֆաթ կտրականապէս կը մերժէ Քոսթա Պրաւայի մէջ աղբանոցի մը հաստատումը` ընդգծելով սակայն, որ իրենց մերժումը պետութեան աշխատանքը արգելակելու ենթահողերու վրայ հիմնուած չէ եւ կառավարութեան ջանքերը խոչընդոտելու նպատակ...

Նահատակ Բանակայիններ Մարուն Խուրիի  Եւ Միշել Ռահպաուիի  Մարմինները Յանձնուեցան Հողին

Նահատակ Բանակայիններ Մարուն Խուրիի Եւ Միշել Ռահպաուիի Մարմինները Յանձնուեցան Հողին

Նախանցեալ օր Ժունիէի մէջ թմրեցուցիչի մաքսանենգները հետապնդելու իրենց առաքելութեան ընթացքին նահատակուած երկու բանակայիններ Մարուն Խուրիի եւ Միշել Ռահպաուիի մարմինները երէկ յանձնուեցան հողին` յուզելով ամբողջ Լիբանանը եւ յատկապէս իրենց ծննդավայր Աքքարը: Լիբանանեան դրօշով ծածկուած երկու դագաղները իրենց գիւղաքաղաքներուն մուտքին դիմաւորուեցան ծաղիկներով, բրինձով, կրակոցով եւ ցաւով: Ապա կատարուեցան անոնց յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները: Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ցաւ յայտնեց իրենց առաքելութեան...

Սինիորա, Միքաթի Եւ Ժոմպլաթ  Կը Շնորհաւորեն Էրտողանը

Սինիորա, Միքաթի Եւ Ժոմպլաթ Կը Շնորհաւորեն Էրտողանը

Նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորա եւ Նեժիպ Միքաթի, ինչպէս նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ շնորհաւորական հեռագիրներ յղեցին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի` Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան արձանագրած յաղթանակին առիթով: Անոնք մաղթեցին, որ այդ յաղթանակը իր ներդրումը ունենայ թրքական ազգային միասնականութեան ամրապնդման մէջ:  

Նահատակաց Հրապարակին Վրայ  «Ջերմարշաւ»

Նահատակաց Հրապարակին Վրայ «Ջերմարշաւ»

Անցեալ շաբաթավերջին Նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ այլ տեսակի արշաւ մը` «Ջերմարշաւ», որուն նպատակն էր օժանդակել կարիքաւորներուն` անոնց տրամադրելով տաք պահող հագուստներ: Մարդասիրական այս արշաւին ընթացքին մեծ թիւով երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ ընկերային հարցերու նախարարութեան կամաւորներ առաւօտեան կանուխ ժամերէն ուղղուեցան Նահատակաց հրապարակ` ստանալու համար ժողովուրդին կողմէ տրամադրուելիք օժանդակութիւնները, որոնք աւելի ուշ պիտի ընտրուէին եւ յատկացուէին կարիքաւորներուն: «Ջերմարշաւ»-ը կազմակերպուած էր լիբանանահայ լրագրող...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Արսալի մէջ կատարած է խուզարկումներ եւ ձերբակալած ՏԱՀԵՇ-ի երկու ղեկավարներ: ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ ձերբակալած է լիբանանցի ահաբեկիչ Օ. Ա.-ն, որ հարցաքննութեան ընթացքին խոստովանած է, թէ դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած ահաբեկիչ Ուսամա Մանսուրի պատուէրով ականուած գօտիներ պատրաստած է: ԻՏԱԼԻՈՅ ընդհանուր դատախազը վերջնականապէս փակեց անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըրի թղթածրարը` շեշտելով, որ Հռոմ այդ հարցին առումով ոչ...

«Պուրճ Համուտի Մէջ Աղբ Թափելը Քննելի  Նիւթ Չէ, Իսկ Միշել Մըրի Առաջարկը Ապագայի  Ծրագիր Մըն Է, Որ Պէտք Է Ուսումնասիրել»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Պուրճ Համուտի Մէջ Աղբ Թափելը Քննելի Նիւթ Չէ, Իսկ Միշել Մըրի Առաջարկը Ապագայի Ծրագիր Մըն Է, Որ Պէտք Է Ուսումնասիրել» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Օ. Թի. Վի.» եւ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայաններուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին վերահաստատեց, որ կտրականապէս կը մերժուի Պուրճ Համուտի մէջ բուռ մը աղբ թափել: Անդրադառնալով երեսփոխան Միշել Մըրի կատարած երէկուան յայտարարութեան, թէ Պուրճ Համուտի տարածքին մէջ կը ծրագրուի հաստատել աղբերու զտման գործարան մը, Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ անիկա նորութիւն...

Բանակայիններու Ամսաթոշակներուն  Հարցը Լուծուած Է

Բանակայիններու Ամսաթոշակներուն Հարցը Լուծուած Է

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի հետ, որուն հետ քննարկեց բանակայիններուն ամսաթոշակներուն թղթածրարը: Հանդիպումէն ետք Մուքպել յայտնեց, որ բանակայիններուն ամսաթոշակներուն հարցը այսօր իսկ պիտի լուծուի` աւելցնելով, որ բանակը երկրին ապահովութեան երաշխիքն է: Մուքպել յայտնեց, որ աշխարհի վրայ չկայ երկիր մը, ուր նման մակարդակի հարցեր տեղեկատուութեան մարզին լուսարձակներուն տակ կը զետեղուին: Մուքպել...

Բանակին Եւ Թմրեցուցիչի Մաքսանենգներուն  Միջեւ Բախումները Կը Պատճառեն Զոհեր

Բանակին Եւ Թմրեցուցիչի Մաքսանենգներուն Միջեւ Բախումները Կը Պատճառեն Զոհեր

Լիբանանեան բանակին հրամանատարութեան հրապարակած  հաղորդագրութեան համաձայն, երէկ առաւօտեան ժամը 4:00-ին, բանակի գաղտնի սպասարկութեան կողմէ Մաամըլթէյնի մէջ թմրեցուցիչի մաքսանենգներու հետապնդումին ընթացքին արձանագրուած կրակոցներուն պատճառով նահատակուած են բանակի գաղտնի սպասարկութեան երկու անդամներ` Միշել Ռահպաուի եւ Մարուն Խուրի եւ 6 հոգի, որոնք են Զաայթեր ընտանիքէն յանցագործներ` Մոհամետ Հիւսէյն եւ Մեհտի Զաայթերներ, քաղաքացիներ Ալի Իպրահիմ Այուպ, Համզէ Պասսամ Ազիզ, Միրնա Հասան եւ երկրորդ կին...

Թուրքիոյ Ընտրութիւններուն Առիթով  Տօնախմբութիւն` Թրիփոլիի Մէջ

Թուրքիոյ Ընտրութիւններուն Առիթով Տօնախմբութիւն` Թրիփոլիի Մէջ

Թուրքիոյ երեսփոխանական արտակարգ ընտրութիւններուն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան արձանագրած յաղթանակին առիթով երէկ Թրիփոլիի մէջ կատարուեցաւ տօնախմբութիւն մը: Ժամաա Իսլամիէի հրաւէրով կատարուեցաւ ինքնաշարժներու երթ մը Ապի Սամրայի, Նուր հրապարակին, Քըպպէի եւ Մինայի մէջ, ուր ծածանեցան Թուրքիոյ ու Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան դրօշակներ, ինչպէս նաեւ կատարուեցաւ հրավառութիւն: Հիւսիսային Լիբանանի մէջ Ժամաա Իսլամիէի տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ուասեֆ Մաժզուպ շեշտեց, որ այս տօնախմբութիւնը առիթ...

Պըրրի Ընդունեց Քաակը

Պըրրի Ընդունեց Քաակը

Քաակ եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած սուրիացի գաղթականներուն տագնապը: Հանդիպումէն ետք Քաակ յայտնեց, որ ՄԱԿ նախանձախնդիր է Լիբանանի հետ գործակցութեան, յատկապէս նկատի ունենալով անոր դիմագրաւած ներկայ արտակարգ հանգրուանը: Միւս կողմէ, Պըրրի ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութիւնը երէկ իր ընթացիկ նիստին աւարտին շեշտեց, որ կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ երկխօսութեան նիստին իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկել եւ այդ կեցուածքին իբրեւ արդիւնք այսօրուան երկխօսութեան նիստին պիտի չմասնակցի: «ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, կը նախատեսուի, որ կառավարութիւնը վաղը` չորեքշաբթի, 4 նոյեմբերին գումարէ իր նիստը: ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերէն, կը գրէ, թէ վարչապետ Թամմամ Սալամի հրաժարականը...

Աղբի Տագնապին Լուծման Նպատակով  Խորհրդակցութիւնները Ընթացքի Մէջ Են,  Սակայն Տակաւին Այդ Առումով  Կառավարութիւնը Նիստի Մը Չէ Հրաւիրուած

Աղբի Տագնապին Լուծման Նպատակով Խորհրդակցութիւնները Ընթացքի Մէջ Են, Սակայն Տակաւին Այդ Առումով Կառավարութիւնը Նիստի Մը Չէ Հրաւիրուած

Զօր. Քահուաժի եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ շաբաթավերջին շարունակեց քննարկել աղբի տագնապին լուծման կարելիութիւնները: Այդ քննարկումներուն շրջագիծին մէջ տեղի ունեցան շարք մը հանդիպումներ, որոնցմէ կարելի չեղաւ արդիւնքներու յանգիլ եւ կամ կառավարութեան նիստ մը գումարելու իմաստով վերջնական որոշում մը տալ: Վարչապետ Սալամ երէկ իր բնակարանին մէջ նախագահեց հանդիպումի մը, որուն ներկայ գտնուեցան երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան...

Քայլարշաւ «Ընդդէմ Հիւանդութեան»`  Սատ Պաուշրիէէն Մինչեւ Պէյրութի Գետ

Քայլարշաւ «Ընդդէմ Հիւանդութեան»` Սատ Պաուշրիէէն Մինչեւ Պէյրութի Գետ

Կազմակերպութեամբ քաղաքացիական շարժումի զանազան թեւերուն, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին տեղի ունեցաւ քայլարշաւ մը, որ սկսաւ Սատ Պաուշրիէէն եւ անցնելով Պուրճ Համուտէն հասաւ մինչեւ Պէյրութի գետ: «Ընդդէմ հիւանդութեան» անունը կրող այս քայլարշաւին նպատակն էր բողոքել տակաւին Լիբանանը ողողած աղբերուն երեւոյթին դէմ եւ կառավարութենէն պահանջել այս հարցին անյապաղ լուծումը: Քայլարշաւէն ետք, աղբանոցի վերածուած Պէյրութի գետին մօտ կարդացուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ...

Մանամայի Մէջ.  Մաշնուք Հանդիպում Մը Կ՛ունենայ  Պահրէյնի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ

Մանամայի Մէջ. Մաշնուք Հանդիպում Մը Կ՛ունենայ Պահրէյնի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շաբաթավերջին Մանամայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար Խալետ պըն Ահմետ պըն Մոհամետ Ալ Խալիֆայի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն ներկայութեան ունեցած հետեւանքներուն վերաբերող խորհրդաժողովի մը ընթացքին, Մաշնուք յայտնեց, որ արաբական սուրը յաղթական դուրս պիտի գայ` աւելցնելով, որ ինք պահրէյնցի պետական պաշտօնատարներուն եւ պատասխանատուներուն...

Պշարրէի Մէջ.  Պասիլ. «Ազգային Ազատ Հոսանքն Ու Լիբանանեան  Ուժերը Պիտի Չմասնակցին Օրէնսդրական Նիստին,  Եթէ Քաղաքացիութիւն Ստանալու  Օրինագիծը Օրակարգի Վրայ Չըլլայ»

Պշարրէի Մէջ. Պասիլ. «Ազգային Ազատ Հոսանքն Ու Լիբանանեան Ուժերը Պիտի Չմասնակցին Օրէնսդրական Նիստին, Եթէ Քաղաքացիութիւն Ստանալու Օրինագիծը Օրակարգի Վրայ Չըլլայ»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ այցելեց Պշարրէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին Պասիլ հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն երեսփոխանները պիտի չմասնակցին խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին, եթէ քաղաքացիութիւն ստանալու օրինագիծը օրակարգի վրայ չըլլայ: Ան ընդգծեց, որ այդ օրէնքը պիտի քաջալերէ, որ լիբանանցիները վերադառնան իրենց երկիրը`...

Ֆրենժիէ. «Կը Մերժենք Համախոհական  Նախագահի Ընտրութիւնը»

Ֆրենժիէ. «Կը Մերժենք Համախոհական Նախագահի Ընտրութիւնը»

Սլէյման Ֆրենժիէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին պատասխանելով նախագահական ընտրութեան մասին հարցումի մը, շեշտեց, որ ինք կը մերժէ համախոհական հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը: «Ինչպէս որ վարչապետը կը ներկայացնէ սիւննի համայնքին մեծամասնութիւնը, նոյնպէս ալ հանրապետութեան նախագահը պէտք է ներկայացնէ քրիստոնեայ համայնքին մեծամասնութիւնը», ըսաւ ան: Ֆրենժիէ աւելցուց նաեւ, որ եթէ վարչապետը ներկայացնէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը, ապա հանրապետութեան նախագահը...

Մինչեւ Ե՛րբ Քարկոծել Եզակի Այս Կառոյցը (Լիբանանեան Բանակի 70-Ամեակ)

Բանակը Կը Ռմբակոծէ Ահաբեկիչներուն Դիրքերը Եւ Կը Հետապնդէ Յանցագործները

Լիբանանեան բանակին հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը ռմբակոծած է Արսալի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքները` թիրախ դարձնելով ահաբեկիչներուն դիրքերը: Միւս կողմէ, Շաարանի շրջանին մէջ բանակը խուզարկեց Ահմետ Պաշայի բնակարանը, ուր գրաւեց զէնք եւ զինամթերք:  

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապը առանձին կարելի չէ լուծել, այլ` շրջանային ամբողջական լուծման մը շրջագիծին մէջ: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա շեշտեց, որ ներկայ պայմանները կ՛ենթադրեն ժամանակաւոր լուծումներ` աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր շրջան պէտք է իր աղբերու հարցին լուծումը ստանձնէ: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը բաղկացնող...

«Ո՛չ Այսօր, Ո՛չ Վաղը, Ո՛չ Ալ Յաւիտեան  Կարելի Պիտի Ըլլայ Բուռ Մը Աղբ Նետել  Պուրճ Համուտի Մէջ»  Յայտարարեց Երեսփոխան Բագրատունի

«Ո՛չ Այսօր, Ո՛չ Վաղը, Ո՛չ Ալ Յաւիտեան Կարելի Պիտի Ըլլայ Բուռ Մը Աղբ Նետել Պուրճ Համուտի Մէջ» Յայտարարեց Երեսփոխան Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ գիշեր պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը մէջ ընդգծեց, որ «ո՛չ այսօր, ո՛չ վաղը, ո՛չ ալ յաւիտեան մէկուն կարելի պիտի ըլլայ բուռ մը աղբ նետել Պուրճ Համուտի մէջ»: Պուրճ Համուտի աղբանոցի վերաբացման մասին վերջերս շրջան ըրած տարաձայնութիւններուն մասին «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ հարցապնդուելով` երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ այս կեցուածքը աներկբայօրէն փոխանցած է...

Page 889 of 986 1 … 888 889 890 … 986

Արխիւներ