Լիբանանեան

Սէյիտ Նասրալլա Ընդունեց Վիլայեթին

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ընդունեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի միջազգային յարաբերութիւններու աւագ խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայեթին` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի: Հանդիպումէն ետք Վիլայեթի յայտնեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններուն մասին Իրանի կեցուածքը կը ներկայացնէ սէյիտ Նասրալլան: «Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Վիլայեթի հաստատեց, որ Հըզպալլայի կեցուածքը կը մնայ նոյնը` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան...

Բանակը Ռմբակոծեց Արսալի Բարձունքները

Բանակը Ռմբակոծեց Արսալի Բարձունքները

Լիբանանեան բանակը երէկ բուռն կերպով ռմբակոծեց Արսալի բարձունքները` ուղղակի թիրախ դարձնելով զինեալներուն դիրքերը: Բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ այցելեց լիբանանեան օդուժի Պէյրութի եւ Քըլէյաաթի խարիսխները, ուր հանդիպումներ ունեցաւ սպաներուն հետ եւ անոնց փոխանցեց իր ցուցմունքները: Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ իրենք բնաւ պիտի չսակարկեն լիբանանցի բանակայինները սպաննող ահաբեկիչներուն հետ` հաստատելով, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն ազատ արձակելու համար...

«Իսրայէլ Մեծագոյն Շահաւորն Է Լիբանանը  Հարուածող Ահաբեկչութեան Հարուածէն»  Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

«Իսրայէլ Մեծագոյն Շահաւորն Է Լիբանանը Հարուածող Ահաբեկչութեան Հարուածէն» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Ապպաս Իպրահիմ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ յայտնեց, որ Լիբանանը հարուածող ահաբեկչութեան հարուածէն ամէնէն շահաւորը Իսրայէլն է: Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց ազատ արձակուած բանակայիններու հարազատներուն մէկ պատուիրակութիւնը, որոնց ողջունեց` շեշտելով, որ անոնք Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան համար հպարտութիւն են: Ապպաս Իպրահիմ հաստատեց, որ բանակայինները ազատ արձակելու ջանքերը ազգային են եւ ոչ թէ համայնքային կամ յարանուանական` աւելցնելով, որ անոնք...

Մաշնուք. «Նախագահական Ընտրութեան Շուրջ  Համաձայնութեան Առումով  Յառաջդիմութեան Կարելիութիւնը Լուրջ Է»

Մաշնուք. «Նախագահական Ընտրութեան Շուրջ Համաձայնութեան Առումով Յառաջդիմութեան Կարելիութիւնը Լուրջ Է»

Նուհատ Մաշնուք Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան շուրջ համաձայնութեան առումով յառաջդիմութեան կարելիութիւնը լուրջ է` աւելցնելով սակայն, որ հարցերուն շուրջ տակաւին յաւելեալ խորհրդակցութիւններու կարիք կայ: Մաշնուք շեշտեց, որ պէտք է նկատի ունենալ, որ կան քաղաքական գլխաւոր ուժեր, որոնք նախագահական ընտրութեան առումով իրենց վերջնական կեցուածքը տակաւին չեն արտայայտած, ինչպէս Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնները: «Մէկուկէս տարի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ եւ  դրուատեց անոր ջանքերը` առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու առումով: ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական աղբիւրներ հաստատեցին, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը առաջադրելը բաւական լուրջ է: ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Ուաշինկթըն ոչ մէկ ձեւով պիտի միջամտէ` նախագահական համաձայնութիւնը...

1 Դեկտեմբերը Լիբանանի Համար  Դարձաւ Ազգային Նուաճումի Օր.  Ժապհաթ Նուսրայի Մօտ Գտնուող  16 Բանակայինները Ազատ Արձակուեցան

1 Դեկտեմբերը Լիբանանի Համար Դարձաւ Ազգային Նուաճումի Օր. Ժապհաթ Նուսրայի Մօտ Գտնուող 16 Բանակայինները Ազատ Արձակուեցան

Առեւանգուած բանակայիններուն մարդկային թղթածրարը, որ 16 ամիս շարունակ ցաւցուցած էր, մտահոգած եւ տխրութեամբ համակած անոնց հարազատներուն հոգիները, եւ ինքնաբերաբար յուզած լիբանանցիներն ու ծանրացուցած լիբանանեան պետութեան բեռը, երէկ աւարտեցաւ ազգային նուաճումով մը` բանակայիններուն ազատ արձակումով: Հակառակ վերջին հանգրուանին տիրական դարձած վատ լուրերով արթննալու սովորութեան, լիբանանցիին երէկուան զարթնումը համակուած էր զարմանքով եւ ուրախութեամբ: Ճիշդ է, որ առեւանգուած բանակայիններն ու ներքին ապահովութեան ուժերու...

«Քաթարի Իշխանին Հետ Սէյիտ Նասրալլայի  Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւնը Արագացուց  Բանակայիններուն Ազատ Արձակումը»  Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

«Քաթարի Իշխանին Հետ Սէյիտ Նասրալլայի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւնը Արագացուց Բանակայիններուն Ազատ Արձակումը» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ երեկոյեան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանիի հետ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը արագացուցած է Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակումը: Զօր. Իպրահիմ շեշտեց, որ ինք 8 նոյեմբերին այցելած է սէյիտ Նասրալլայի եւ անոր հետ...

Առեւանգուած Բանակայիններուն Ազատ  Արձակման Ճիգերը Տակաւին Ընթացքի Մէջ Են

Առեւանգուած Բանակայիններուն Ազատ Արձակման Ճիգերը Տակաւին Ընթացքի Մէջ Են

Զօրավարներ Քահուաժի եւ Ապպաս Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակման հոլովոյթին վերաբերող հարցեր: Երէկ յետմիջօրէին, «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ապպաս Իպրահիմ ուղղուած է Արսալ` ստուգելու համար առեւանգուած բանակայիններու փոխանակման գումակային դասաւորումները: Միւս կողմէ, հարցազրոյցի...

Պասիլ-Ֆրենժիէ Հանդիպումը  Եղած Է Անկեղծ

Պասիլ-Ֆրենժիէ Հանդիպումը Եղած Է Անկեղծ

Քաակ եւ Ֆրենժիէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի տեղեկատուական գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, նախանցեալ երեկոյեան Պաթրունի մէջ Ֆրենժիէի ունեցած հանդիպումը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ եղած է անկեղծ եւ մտերմիկ, առանց յաւելեալ յանձնառութիւններու: Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Ֆրենժիէի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին պահանջած է ընտրական օրէնք մը,...

Վարչապետ Սալամ  Ընդունեց Վիլայեթին

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Վիլայեթին

Ֆաթհալի, Վիլայեթի եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի միջազգային յարաբերութիւններու աւագ խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայեթին` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի: Հանդիպումէն ետք Վիլայեթի յայտնեց, որ վարչապետ Սալամի հետ իր հանդիպումը եղած է դրական եւ մտերմիկ` աւելցնելով, որ վարչապետ Սալամ իր գիտակցութեամբ եւ իմաստուն կեցուածքներով կրցած է լաւ...

Մուսթաքպալ-Հըզպալլա  Երկխօսութեան Նիստերը Վերսկսան

Մուսթաքպալ-Հըզպալլա Երկխօսութեան Նիստերը Վերսկսան

Երէկ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան նիստերը վերսկսան: Նիստին ներկայ գտնուեցան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Նատեր Հարիրի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան...

Ժեմայէլ Ընդունեց Ճոնզը

Ժեմայէլ Ընդունեց Ճոնզը

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ Պիքֆայայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Ճոնզը` ներկայութեամբ կուսակցութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Սելիմ Սայէղի: Հանդիպումէն ետք Ճոնզ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

Զօր. Սլէյման Կառավարութեան  Կոչ Կ՛ուղղէ Յաւելեալ Ճիգերով  Լուծելու Աղբի Տագնապը

Զօր. Սլէյման Կառավարութեան Կոչ Կ՛ուղղէ Յաւելեալ Ճիգերով Լուծելու Աղբի Տագնապը

Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Եարզէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց նախարարներ Պութրոս Հարպը, Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուին, Սըժաան Քազզին եւ երեսփոխան Էլի Մարունին, որոնց հետ քննարկեց երկիրը յուզող հարցերը: Զօր. Սլէյման կոչ ուղղեց կառավարութեան յաւելեալ ճիգերով լուծելու աղբի տագնապը: Զօր. Սլէյմանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Ճոնզ. քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Զօր. Աուն Ընդունեց Լիբանանեան  Ժողովրդավարական Կուսակցութեան  Մէկ Պատուիրակութիւնը

Զօր. Աուն Ընդունեց Լիբանանեան Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն նախագահեց կուսակցութեան փոխնախագահ Նեսիպ Ժաուհարի: Հանդիպումէն ետք Ժաուհարի յայտնեց, որ ինչպէս կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան հաստատած է, իրենք կը զօրակցին զօր. Աունի թեկնածութեան, ինչպէս նաեւ անոր հետ համաձայն են ընտրական համամասնական օրէնքի որդեգրման շուրջ: ՄԻՒՍ կողմէ, նշենք, որ Արսլան կիրակի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԸՆԿՎԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ողջունեց անցեալ շաբաթավերջին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի միջեւ կատարուած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը: Ժոմպլաթ հաստատեց, որ այդ հաղորդակցութիւնը օգտակար եղած է: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շեշտեց, որ իրենք տակաւին ճամբուն սկիզբը կը գտնուին Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը առաջադրելու իմաստով: Ան աւելցուց, որ այս առումով ինք...

Առեւանգուած Բանակայիններուն Տունդարձի  Համաձայնութիւնը Մետասաներորդ Պահուն  Խափանուեցաւ. Բանակցութիւնները Պիտի  Շարունակուին

Առեւանգուած Բանակայիններուն Տունդարձի Համաձայնութիւնը Մետասաներորդ Պահուն Խափանուեցաւ. Բանակցութիւնները Պիտի Շարունակուին

Ուրբաթ գիշեր առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու իմաստով շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը շարունակուեցան ամբողջ շաբաթավերջին, եւ դրական մթնոլորտ տիրեց ամէնուր, յատկապէս Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ, ուր բանակայիններուն հարազատները բոլորէն աւելի սպասեցին զիրենք` անոնց վերադարձը տօնելու նպատակով: Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն Արսալ-Լապուէ շրջաններուն մէջ որդեգրուեցան ապահովական արտակարգ միջոցառումներ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ եւ քաթարցի միջնորդը ուղղուեցան Արսալ, ուր շարունակուեցան...

Ֆրենժիէ – Հարիրի  Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Ֆրենժիէ – Հարիրի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Լասըն եւ Ֆրենժիէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ շաբաթ երեկոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, Ֆրենժիէ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընը` ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժիի, Թոնի Սլէյման Ֆրենժիէի եւ Մարատա հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Ալպեր Ճուխատարի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային...

Էլիաս Սքաֆի Մահուան Քառասունք.  Ժողովրդական Պլոք Կուսակցութեան  Ղեկավարութիւնը Կը Ստանձնէ Միրիամ Սքաֆ

Էլիաս Սքաֆի Մահուան Քառասունք. Ժողովրդական Պլոք Կուսակցութեան Ղեկավարութիւնը Կը Ստանձնէ Միրիամ Սքաֆ

Զահլէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ժողովրդական պլոք կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Էլիաս Սքաֆի մահուան քառասունքը` ներկայութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ալի Պեզզիի, վարչապետ Թամմամ Սալամի ներկայացուցիչ, նախարար Միշել Ֆարաոնի, հանգուցեալին ընտանիքին, մեծ թիւով պետական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու, որոնց շարքին նաեւ խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի ներկայացուցիչ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս, Լիբանանի...

Մեհրապի Մէջ.   «1960-ի Ընտրական Օրէնքը  Անկարելի Է Ընդունիլ»  Շեշտեց Սելիմ Սայէղ

Մեհրապի Մէջ. «1960-ի Ընտրական Օրէնքը Անկարելի Է Ընդունիլ» Շեշտեց Սելիմ Սայէղ

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շաբաթավերջին Մեհրապի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Փաղանգաւոր կուսակցութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Սելիմ Սայէղը եւ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Ալպեր Կոստանեանը: Հանդիպումէն ետք Սայէղ յայտնեց, որ իրենց քաղաքական տեսակէտները գրեթէ նոյնն են` աւելցնելով, որ իրենք կառչած կը մնան իրենց սկզբունքներուն` որեւէ որոշում տալու պարագային: Սայէղ աւելցուց, որ իրենց համար 1960-ի...

Page 881 of 986 1 … 880 881 882 … 986

Արխիւներ