Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ընդունեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի միջազգային յարաբերութիւններու աւագ խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայեթին` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի:
Հանդիպումէն ետք Վիլայեթի յայտնեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններուն մասին Իրանի կեցուածքը կը ներկայացնէ սէյիտ Նասրալլան:
«Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Վիլայեթի հաստատեց, որ Հըզպալլայի կեցուածքը կը մնայ նոյնը` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունին զօրակցելու առումով: