Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Եարզէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց նախարարներ Պութրոս Հարպը, Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուին, Սըժաան Քազզին եւ երեսփոխան Էլի Մարունին, որոնց հետ քննարկեց երկիրը յուզող հարցերը:
Զօր. Սլէյման կոչ ուղղեց կառավարութեան յաւելեալ ճիգերով լուծելու աղբի տագնապը:
Զօր. Սլէյմանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Ճոնզ. քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: