
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի տեղեկատուական գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, նախանցեալ երեկոյեան Պաթրունի մէջ Ֆրենժիէի ունեցած հանդիպումը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ եղած է անկեղծ եւ մտերմիկ, առանց յաւելեալ յանձնառութիւններու:
Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Ֆրենժիէի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին պահանջած է ընտրական օրէնք մը, որուն պատճառով ոչ մէկ համայնքի ներկայացուցչութիւնը տուժէ, սակայն Հարիրի յստակ օրէնք մը չէ ճշդած այդ իմաստով: Պարզապէս գոյացած է համաձայնութիւն` մերժելու այս կամ այն համայնքին ներկայացուցչութիւնը խոցելի դարձնող ընտրական օրէնքները:
Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Ֆրենժիէ կը շարունակէ զօրակցիլ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան, ինչպէս նաեւ պատրաստ է յաւելեալ ժամանակ տրամադրելու, եթէ անոր թեկնածութեան շուրջ համախոհութիւն մը գոյացնելու կարելիութիւն կայ: «Սակայն եթէ զօր. Աունի թեկնածութիւնը պիտի շարունակուի Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը խոչընդոտելու նպատակով, ապա այդ տարբեր հարց է: Լիբանանեան քաղաքական հեղինակութիւններուն կողմէ Ֆրենժիէի թեկնածութեան մերժումը քննարկելի է, եթէ ազգային կամ քրիստոնէական հարց գոյութիւն ունի, իսկ եթէ ատիկա պիտի կատարուի «Ինչո՞ւ դուն եւ ոչ ես» տարազին հիման վրայ, ապա անիկա տարբեր է եւ անընդունելի», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Միւս կողմէ, Ֆրենժիէ երէկ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: