Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քաթարի Իշխանին Հետ Սէյիտ Նասրալլայի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւնը Արագացուց Բանակայիններուն Ազատ Արձակումը» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

December 2, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Abbas_Ibrahim_Arsal_120115

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ երեկոյեան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանիի հետ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը արագացուցած է Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակումը:

Զօր. Իպրահիմ շեշտեց, որ ինք 8 նոյեմբերին այցելած է սէյիտ Նասրալլայի եւ անոր հետ քննարկած շարք մը հարցեր, որոնց շարքին նաեւ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը: Ան նշեց, որ այդ առումով սէյիտ Նասրալլա խոստացած է Քաթարի իշխանին հետ կապ հաստատել, եւ այդպէս կարելի եղած է վերսկսիլ բանակցութիւններուն:

Ան աւելցուց, որ սէյիտ Նասրալլա իր ներդրումը ունեցած է նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի մօտ միջամտութիւններ կատարելու առումով` նկատի ունենալով, որ փոխանակման շրջագիծին մէջ կարիքը կար նաեւ սուրիացի բանտարկեալներուն:

«Իսկ վերջին 48 ժամուան ընթացքին Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ պարտադրուած լուծումը խանգարող պայմաններուն վերացումին համար սէյիտ Նասրալլա դարձեալ միջամտեց», աւելցուց Ապպաս Իպրահիմ:

Ան նշեց նաեւ, որ «նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի վերջերս այցելած է Քաթարի իշխանին եւ անոր օժանդակութիւնը խնդրած առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարին լուծման առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ Քաթարի իշխանին հաստատած է, որ անձամբ ինծի կը վստահի եւ զիս ընտանիքի անդամ կը նկատէ»:

Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ բանակայիններու փոխանակման ընդհանուր համաձայնութիւնը շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրին չէր պարփակեր` աւելցնելով, որ Հուժէյրիի երէկուան դերակատարութիւնը կը սահմանափակուէր արգելափակեալներուն հարց տալով, որ կը փափաքի՞ն Պէյրութ վերադառնալ, թէ՞ Ժապհաթ Նուսրայի մօտ մնալ:

Նախորդը

Եգիպտոս Կը Պատրաստուի Ռուսական Շուկային Մէջ Փոխարինելու Թուրքիան

Յաջորդը

1 Դեկտեմբերը Լիբանանի Համար Դարձաւ Ազգային Նուաճումի Օր. Ժապհաթ Նուսրայի Մօտ Գտնուող 16 Բանակայինները Ազատ Արձակուեցան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.