Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Դեկտեմբեր 1, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԸՆԿՎԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ողջունեց անցեալ շաբաթավերջին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի միջեւ կատարուած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը: Ժոմպլաթ հաստատեց, որ այդ հաղորդակցութիւնը օգտակար եղած է:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շեշտեց, որ իրենք տակաւին ճամբուն սկիզբը կը գտնուին Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը առաջադրելու իմաստով: Ան աւելցուց, որ այս առումով ինք չի փափաքիր գուշակութիւններ կատարել:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Ճոնզ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը առաջադրելու նախաձեռնութեան առնչութեամբ, սակայն այս մասին ան դրական կամ ժխտական կեցուածք չէ արտայայտած:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի նախագահական թեկնածութիւնը կը վայելէ սէուտական, ամերիկեան եւ ֆրանսական հովանաւորութիւն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ դաշնակցելու քայլը կը մտահոգէ նախարար Աշրաֆ Ռիֆին, այն իմաստով, որ ան կրնայ նախարարական եւ երեսփոխանական պաշտօնէ զրկուիլ:

ՍՈՒՐԻՈՅ ազգային հաշտութեան պետական նախարար Ալի Հայտար հաստատեց, որ Դամասկոս կը զօրակցի լիբանանեան բանակին` առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու իմաստով անոր ի գործ դրած ջանքերուն մէջ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի նախագահ ընտրութիւնը իրենց քաղաքական ուղեգիծին յաղթանակն է:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ հովուապետական այցելութեամբ մը կը գտնուի Գերմանիա, Ֆրանքֆորթ քաղաքի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ մատուցած իր պատարագին ընթացքին մաղթեց, որ լիբանանցի պատասխանատուները յարգեն իրենց պատասխանատուութիւնը  եւ անոր շրջագիծին մէջ ընտրեն հանրապետութեան նախագահ մը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ծովուժը ուրբաթ երեկոյեան Թրիփոլիի հանդիպակաց ջուրերուն մէջ գրաւած է նաւ մը, որ ապօրինի կերպով Թուրքիա կը փոխադրէր պաղեստինցիներ եւ լիբանանցիներ: Այս մասին ապահովութեան ուժերը հետաքննութիւն բացած են:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական կառոյցի պատասխանատուներէն, շեշտեց, որ Պըրժ Պարաժնէի ահաբեկչական արարքը բացայայտած է քնացած ահաբեկչական բջիջներ, ինչպէս նաեւ ահաբեկիչները հետապնդելու առումով արձանագրուած խախտում մը:

ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ շեշտեցին, որ Լիբանան, ինչպէս ամբողջ աշխարհը, թիրախ է ահաբեկչական արարքներու, որոնք կրնան գործուիլ որեւէ ժամանակի ընթացքին եւ հարուածել որեւէ տեղ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հաստատ պիտի մնայ իր կեցուածքին վրայ եւ քրիստոնեաներուն իրաւունքները վտանգելու իմաստով ոչ մէկ քայլի պիտի դիմէ:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի այցելուներուն համաձայն, ան պատրաստ չէ ընտրական օրինագիծի քննարկումներուն մաս կազմելու:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի հաստատեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

ՊԱԱՍ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆայեզ Շքըր շեշտեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իմաստուն կեցուածքներն ու սուրիացի ժողովուրդին տոկալու կարողութիւնը յառաջացուցած են այնպիսի փոփոխութիւններ, որոնք ամբողջ աշխարհին դիմագիծը փոփոխութեան ենթարկած են:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մօտ պաղեստինեան թղթածրարի պատասխանատու Հասան Հուպպալլա շեշտեց, որ իսրայէլեան կողմը այսօր իրար անցած վիճակի մէջ կը գտնուի եւ շատ աւելի տկար է, քան ինչ որ էր անցեալին:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ շրջանին մէջ Իսրայէլ կը կազմէ տագնապներուն առանցքը` աւելցնելով, որ անոր կը զօրակցին Միացեալ Նահանգներն ու Արեւմուտքը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հիւսէյն Մուսաուի շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան թեկնածուի իրենց չափանիշը այդ թեկնածուին պատմութեան եւ յատկանիշներուն մէջ կը կայանայ` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ տիրող առաջին եւ վերջին հարցը բարոյական է:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Աքրամ Շեհայէպ յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը այս շաբթուան ընթացքին վերջնական լուծումի մը յանգի` երկրին աղբերը դուրս հանելու առումով:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը Լիբանանի համար բացթողում կը նկատուի` աւելցնելով, որ իրենք իբրեւ նախարարներ անգործութեան մատնուած են:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ նախագահական թեկնածութեան առումով Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի անունը զինք չի նեղացներ, «սակայն արդեօք Ֆրենժիէ իրեն հետ Ասատը Պաապտա՞ պիտի տեղափոխէ», հարց տուաւ ան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան բանակցութիւններուն առումով արձանագրուած սառած մթնոլորտը խզուած է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ ներքին լիբանանեան բոլոր տագնապները կարելի է լուծել երկխօսութեան շրջագիծին մէջ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն շեշտեց, որ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կեցուածքը` Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան առումով, ժխտական չէ` հակառակ անոր որ զօր. Աուն տակաւին նախագահական ընտրութեան թեկնածու է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Իպրահիմ Նաժժար շեշտեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը առաջադրելով նախագահական ընտրութեան թղթածրարին մէջ արձանագրուած սառած իրավիճակին կարելի է վերջ տալ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի մասին ոչինչ պիտի յայտարարէ, մինչեւ որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի պաշտօնապէս առաջադրէ անոր թեկնածութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ուալիտ Խուրի շեշտեց, որ համախմբումի նախագահ զօր. Միշել Աուն ցարդ կը մնայ նախագահական ընտրութեան իրենց թեկնածուն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներէն, շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան իմաստով քաղաքական իր խմբաւորումը համոզելու առաքելութեան մէջ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի կոչ կ՛ուղղէ քաղաքական բոլոր ուժերուն ընդունելու Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի առաջադրանքը` Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն նախագահական թեկնածու ներկայացնելու առումով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ քաղաքական նոյն ուղեգիծի անդամ է, եւ անոր կեցուածքները իրենց կեցուածքներէն չեն տարբերիր:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի պատասխանատու մը շեշտած է, որ իրենք կառչած կը մնան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան:

 

 

Նախորդը

Փարիզի Մէջ Փութին-Օպամա Հանդիպում

Յաջորդը

Զօր. Աուն Ընդունեց Լիբանանեան Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?