Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էլիաս Սքաֆի Մահուան Քառասունք. Ժողովրդական Պլոք Կուսակցութեան Ղեկավարութիւնը Կը Ստանձնէ Միրիամ Սքաֆ

Նոյեմբեր 30, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

miriam_skaf_112915

Զահլէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ժողովրդական պլոք կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Էլիաս Սքաֆի մահուան քառասունքը` ներկայութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ալի Պեզզիի, վարչապետ Թամմամ Սալամի ներկայացուցիչ, նախարար Միշել Ֆարաոնի, հանգուցեալին ընտանիքին, մեծ թիւով պետական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու, որոնց շարքին նաեւ խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի ներկայացուցիչ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ, գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով զինուորականներու, որոնց շարքին` բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի ներկայացուցիչ գնդապետ-զօրավար Թալալ Ռահհալ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ եւ Զահլէի բնակչութեան հոծ բազմութիւն մը:

Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա այս առիթով ընդգծեց համերաշխութեան անհրաժեշտութիւնը:

Ան շեշտեց, որ հանգուցեալ Սքաֆ հաւատացեալ էր, հայրենասէր եւ կը յարգէր եկեղեցին, ինչպէս նաեւ կը ծառայէր ժողովուրդին եւ բարիքներ կը մատուցէր անոր:

Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք յայտարարուեցաւ, որ Ժողովրդական պլոք կուսակցութիւնը միաձայնութեամբ որոշած է որդեգրել իր հանգուցեալ ղեկավարին կտակը, որուն համաձայն, Էլիաս Սքաֆի կինը` Միրիամ Սքաֆ պիտի ստանձնէ կուսակցութեան ղեկավարութիւնը:

Իր խօսքին մէջ Միրիամ Սքաֆ յայտնեց, որ իրենք յանձնառու պիտի մնան Էլիաս Սքաֆի ուղեգիծին:

«Էլիաս Սքաֆի քառասունքէն ետք մենք մեր ձեռքերը կ՛երկարենք բոլորին, բայց նաեւ կ՛ըսենք, որ կան ձեռքեր, որոնց արգիլուած է դէպի մեր կողմը երկարիլ` մեր սուգը խզելու եւ մեր որոշումը իւրացնելու նպատակով», ըսաւ Սքաֆ:

 

 

Նախորդը

Մեհրապի Մէջ. «1960-ի Ընտրական Օրէնքը Անկարելի Է Ընդունիլ» Շեշտեց Սելիմ Սայէղ

Յաջորդը

Ֆրենժիէ – Հարիրի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?