Լիբանանեան

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը  Այցելեց Այն Թինէ

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Այցելեց Այն Թինէ

Շարունակելով Լիբանանի պետական եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններուն իր այցելութիւնները` Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը` ընկերակցութեամբ պատուիրակութեան մը, ուրբաթ, 4 դեկտեմբերի կէսօրին այցելեց Այն Թինէ` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին: Անդրադառնալով ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ ընտրութեան եւ գահակալութեան` խորհրդարանի նախագահը բարեմաղթանքները ներկայացուց ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ` կարեւոր նկատելով համայնքապետերուն խաղաղարար առաքելութիւնը շրջանին մէջ ստեղծուած խռովայոյզ իրավիճակին մէջ: Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը իր...

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ժեմայէլն  Ու Պասիլը Եւ Նախագահեց Մարոնի  Եպիսկոպոսներու Խորհուրդի Նիստին

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ժեմայէլն Ու Պասիլը Եւ Նախագահեց Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդի Նիստին

Պասիլ, Ռայի պատրիարքը եւ Ժեմայէլ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն լուրջ թեկնածու նկատելու եւ նախագահական ընտրութիւնը կարելի դարձնելու հաւանականութիւններուն շուրջ խորհրդակցելու շրջագիծին մէջ, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ յետմիջօրէին Պքերքէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը` ընկերակցութեամբ կուսակցութեան փոխնախագահ Սելիմ Սայէղի: Հանդիպումէն շուրջ ժամ մը ետք Պքերքէ հասաւ եւ անոնց ժողովին միացաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան...

Մաշնուք. «Արսալ Բռնագրաւուած Է  Եւ Հոն Կայ 120 Հազար Գաղթական»

Մաշնուք. «Արսալ Բռնագրաւուած Է Եւ Հոն Կայ 120 Հազար Գաղթական»

Մաշնուք եւ Իպրահիմ Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ այցելեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կեդրոն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ: Հանդիպումէն ետք Մաշնուք եւ Իպրահիմ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կատարեցին կարեւոր յայտարարութիւններ: Մաշնուք յայտնեց, որ ինք մեծ հպարտութեամբ կ՛այցելէ այդ կեդրոնը` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն օրէնքներու եւ...

Նահատակ Բանակային Մոհամետ Համիէի  Մարմինը Յանձնուեցաւ Հողին

Նահատակ Բանակային Մոհամետ Համիէի Մարմինը Յանձնուեցաւ Հողին

Երէկ կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ սպաննուած նահատակ բանակային Մոհամետ Համիէի դիակը փոխադրուեցաւ անոր ծննդավայրը` Պեքաայի Թարայա գիւղաքաղաքը, ուր կատարուեցաւ անոր յուղարկաւորութիւնը: Թաղման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Համիէի բանակային բարեկամները, բանակի հրամանատարութեան ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ սգաւորներու հոծ բազմութիւն մը, որոնց մէջ էին նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ սպաննուած նահատակ բանակայիններ Ալի Պազզալի եւ Ապպաս Մըտլեժի ընտանիքները: ՄԻՒՍ կողմէ, լիբանանեան բանակը երէկ շարունակեց...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ աղբի տագնապին լուծման առումով մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է` մերժելով այդ մասին մանրամասնութիւններ ներկայացնել: Ան դիտել տուաւ, որ այդ խորհրդակցութիւններէն բխած արդիւնքներուն հիման վրայ այդ թղթածրարը պիտի ներկայացուի կառավարութեան նիստին: ՄԱԿ-Ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն կոչ ուղղեց վերջ տալու Լիբանանի մէջ նախագահական աթոռի թափուր մնալու երեւոյթին, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց յաւելեալ միջլիբանանեան քաղաքական հաշտութիւններու:...

Փարիզի Մէջ.  Նախագահ Հոլլանտ Ընդունեց Հարիրին

Փարիզի Մէջ. Նախագահ Հոլլանտ Ընդունեց Հարիրին

Հարիրի եւ Հոլլանտ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Էլիզէի պալատին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները, յատկապէս Սուրիոյ պատերազմն ու Լիբանանի վրայ անոր ունեցած հետեւանքները: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ ինք ցաւակցութիւն յայտնած է Ֆրանսայի նախագահին` Փարիզը հարուածած ահաբեկչութեան պատճառած զոհերուն առիթով եւ ընդգծած բոլոր երկիրներուն...

Վարչապետարանին Մէջ.   Արայժի Կը Շեշտէ Ֆրենժիէի  Թեկնածութեան Լրջութիւնը

Վարչապետարանին Մէջ. Արայժի Կը Շեշտէ Ֆրենժիէի Թեկնածութեան Լրջութիւնը

Արայժի եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Արայժի պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն շեշտեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը լուրջ է, որովհետեւ առաջադրուած նախաձեռնութիւնը բաւական լուրջ է` աւելցնելով, որ քաղաքական ուժերուն միջեւ այդ իմաստով խորհրդակցութիւններ կը կատարուին:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը  Այցելեց Վարչապետարան

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Այցելեց Վարչապետարան

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը` ընկերակցութեամբ բազմանդամ պատուիրակութեան մը, հինգշաբթի, 3 դեկտեմբեր կէսօրին այցելութիւն մը տուաւ վարչապետ Թամմամ Սալամին, վարչապետարան: Ջերմ մթնոլորտի մը ներքեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, վարչապետը անգամ մը եւս  ողջունեց եւ շնորհաւորեց ամենապատիւ հոգեւոր տէրը իր ընտրութեան եւ գահակալութեան առթիւ: Ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց նոր եպիսկոպոսներուն` Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ Սարգիս եպս. Դաւիթեանի ձեռնադրութիւնը:...

Ժեմայէլ Ընդունեց Ասիրին

Ժեմայէլ Ընդունեց Ասիրին

Ժեմայէլ եւ Ասիր Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ Պիքֆայայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ասիրի յայտնեց, որ իրենց վկայածը յատկապէս Սուրիոյ մէջ եւ կարգ մը երկիրներուն մասին իրենց անգիտութիւնը կրնան իրենց ժխտական հակազդեցութիւնները ունենալ Լիբանանի վրայ` շեշտելով, որ Սէուտական Արաբիա յանձնառու է Լիբանանի մէջ միջմարոնիական երկխօսութեան...

Սինիորա. «Ֆրենժիէի Թեկնածութիւնը Առաջադրելու Քայլը Լուրջ Է, Իսկ Իմ  Եւ Հարիրիի Միջեւ Հարց Պիտի Չըլլայ»

Սինիորա. «Ֆրենժիէի Թեկնածութիւնը Առաջադրելու Քայլը Լուրջ Է, Իսկ Իմ Եւ Հարիրիի Միջեւ Հարց Պիտի Չըլլայ»

Ֆուատ Սինիորա Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախագահական թափուր աթոռին վերջ տալու նպատակով Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը առաջադրելու քայլը լուրջ է` աւելցնելով, որ այդ իմաստով Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մակարդակներուն վրայ խորհրդակցութիւններ պիտի կատարուին: Սինիորա շեշտեց, որ Հարիրի տակաւին Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը պաշտօնապէս չէ առաջադրած: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ իր...

Ժոմպլաթ. «Ֆրենժիէ-Հարիրի Համաձայնութիւնը  Պէտք Է Յաջողի, Որովհետեւ Մեր Դիմաց  Կը Գտնուի Դժուար Տարի Մը»

Ժոմպլաթ. «Ֆրենժիէ-Հարիրի Համաձայնութիւնը Պէտք Է Յաջողի, Որովհետեւ Մեր Դիմաց Կը Գտնուի Դժուար Տարի Մը»

Ուալիտ Ժոմպլաթ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Եուրոնիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք եղած է առաջինը` Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի անունը իբրեւ նախագահական թեկնածու առաջադրելու: «Մէկուկէս տարիէ ի վեր մենք կը ջանանք լուծել երկրին մէջ ստեղծուած նախագահական թափուր աթոռին հարցը եւ խորհրդարանին մէջ այս իմաստով ապարդիւն հանդիպումներ կ՛ունենանք», ըսաւ ան` աւելցնելով,...

Ֆրենժիէ Այցելեց Պքերքէ

Ֆրենժիէ Այցելեց Պքերքէ

Երէկ գիշեր Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում ունեցաւ Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ յայտնեց, որ «անհամբեր կը սպասէինք Ռայի պատրիարքին վերադարձին` անոր այցելելու համար, որովհետեւ դէպքերը արագ ընթացան, եւ ան երկրէն դուրս էր: Եկանք զինք մթնոլորտին մէջ դնելու, ներկայացուցի, թէ ինչպէ՛ս եղան հարցերը, մենք զմեզ զետեղեցինք անոր տրամադրութեան տակ եւ Աստուծմէ բարին»: Ֆրենժիէ հաստատեց....

Ալի. «Կարգ Մը Քաղաքական Ուժեր Սկսած Են  Անդրադառնալ Ահաբեկչութեան  Սպառնացած Վտանգին»

Ալի. «Կարգ Մը Քաղաքական Ուժեր Սկսած Են Անդրադառնալ Ահաբեկչութեան Սպառնացած Վտանգին»

Ալի Ապտել Քերիմ Ալի Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական կարգ մը ուժեր սկսած են անդրադառնալ ահաբեկչութեան սպառնացած վտանգին` աւելցնելով, որ այդ իրականութիւնը կը փաստէ լիբանանեան քաղաքական ղեկավարութիւններուն պատասխանատուութիւնը: Ալի նշեց, որ այս կեցուածքին իբրեւ արդիւնք Սուրիոյ դիմագրաւած ահաբեկչութեան վտանգներուն դէմ պայքարը կը նոյնանայ: Ան շեշտեց, որ առանց սուրիական իշխանութիւններուն...

Ապպաս Իպրահիմ. «ՏԱՀԵՇ-ի Հետ Բանակցելու Միջոցներ Կը Փնտռենք»

Ապպաս Իպրահիմ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ շեշտեց, որ այժմ լուռ մնալու ժամն է, սակայն ոչ հանգիստի` աւելցնելով, որ իրենք պիտի շարունակեն իրենց ջանքերը` ազատ արձակելու համար նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի մօտ գտնուող առեւանգուած բանակայինները: Ան հաստատեց, որ ցարդ միջոցներ գոյութիւն չունին ՏԱՀԵՇ-ի հետ բանակցելու` աւելցնելով սակայն, որ իրենք կը փնտռեն այդ միջոցները: Միւս կողմէ, առեւանգուած ինը բանակայիններուն ընտանիքները...

Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Մուքպելը

Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Մուքպելը

Մուքպել եւ զօր. Քահուաժի Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ բանակին եւ երկրին ապահովութեան վերաբերող հարցեր: Զօր. Քահուաժիի այցելեցին նաեւ ազատ արձակուած բանակայիններն ու անոնց ընտանիքները: Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Մուսթաֆա Զայէտ երէկ այցելեց զօր. Քահուաժիի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը:...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊԵՏԱԿԱՆ պաշտօնատարներ հաստատեցին, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի նախագահական թեկնածութիւնը առաջադրելու ջանքերը լուրջ են` աւելցնելով, որ այս իմաստով լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ խորհրդակցութիւններ կան: ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայեզ Շքըր յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը առաջադրելու առումով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի խուսանաւումներ չի կատարեր: «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար...

Պըրրի. «Արցունքներուն Եւ Մոմերուն Կողքին  Արձանագրուած Է Գերիշխանական Գայթակղութիւն Մը»

Պըրրի. «Արցունքներուն Եւ Մոմերուն Կողքին Արձանագրուած Է Գերիշխանական Գայթակղութիւն Մը»

Հասան Խալիլ, Ապու Ֆաուր եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ երկրին մէջ տիրող համախոհական մթնոլորտն ու փոխադարձ խորհրդակցութիւնները քաջալերելի են եւ պէտք է շարունակուին: Ան ընդգծեց, որ երկխօսութիւնը կը մնայ երկրին հարցերը լուծելու ամէնէն ճիշդ միջոցը: Անդրադառնալով բանակայինները փոխանակելու համաձայնութեան` Պըրրի ըսաւ. «Արցունքներուն եւ մոմերուն կողքին արձանագրուած...

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց  Մուքպելն Ու Ասիրին

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Մուքպելն Ու Ասիրին

Դեսպան Ասիրի եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Մուքպել բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը, ինչպէս նաեւ բանակայիններուն ընտանիքները  շնորհաւորեց իրենց զաւակներուն ազատ արձակումին առիթով, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին ազգային այդ նուաճումին իրագործման: Մուքպել հաստատեց, որ նահատակ բանակայիններուն յիշատակը անթառամ պիտի մնայ`...

Ֆրենժիէ Ցաւակցութիւն Յայտնեց  Զօր.  Աունի Եւ Այցելեց Ժոմպլաթի

Ֆրենժիէ Ցաւակցութիւն Յայտնեց Զօր. Աունի Եւ Այցելեց Ժոմպլաթի

Ֆրենժիէ եւ զօր. Աուն Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ ուղղուեցաւ Ռապիէի մարոնի համայնքի Ս. Յարութիւն եկեղեցին, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի, անոր եղբօր` Ռոպեր Աունի մահուան առիթով: Ֆրենժիէ մեկնումի պահուն յայտնեց, որ զօր. Աունի կատարած իր այցելութիւնը զուտ ցաւակցական բնոյթի էր` աւելցնելով, որ այս առիթով քաղաքական ոչ մէկ յայտարարութիւն պիտի կատարուի:...

«Պէտք Է Լիբանանին Նիւթական Յաւելեալ  Օժանդակութիւն Տրամադրել  Գաղթականներուն Հարցով»  Շեշտեց Ա. Նազարեան

«Պէտք Է Լիբանանին Նիւթական Յաւելեալ Օժանդակութիւն Տրամադրել Գաղթականներուն Հարցով» Շեշտեց Ա. Նազարեան

Արթիւր Նազարեան Ֆրանսայի մէջ գումարուող կլիմայի յատուկ վեհաժողովին ծիրին մէջ , ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ արտասանած իր խօսքին ընդմէջէն պահանջեց Լիբանանին նիւթական յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրել սուրիացի գաղթականներուն հարցով: Նազարեան շեշտեց, որ Լիբանան իր պիւտճէէն կը հոգայ նաեւ գաղթականներուն ծախսերը, եւ երկրին համար այդ բեռը առանձին կրելը ծանր է: Ան կոչ ուղղեց Լիբանանին օժանդակելու...

Page 880 of 986 1 … 879 880 881 … 986

Արխիւներ