Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Դեկտեմբեր 3, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ եւ  դրուատեց անոր ջանքերը` առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու առումով:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական աղբիւրներ հաստատեցին, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը առաջադրելը բաւական լուրջ է:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Ուաշինկթըն ոչ մէկ ձեւով պիտի միջամտէ` նախագահական համաձայնութիւնը գոյացնելու կամ չգոյացնելու առումով:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի խորհրդարանին համար ճշդուած նախագահական ընտրութեան յաջորդ նիստի թուականը նշանակալից պիտի դառնայ:

ԱՆԿԱԽ հոսանքի նախագահ Իսամ Ապու Ժամրա շեշտեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի նախագահ ընտրութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է Սուրիայէն Հըզպալլայի տունդարձին:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ հարցերու նախարարութեան հրապարակած սակացոյցին համաձայն, մազութին սակը նուազած է 100 լ. ոսկիով:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Քաթար մեծ գումարներ յատկացուցած է Ժապհաթ Նուսրային, որպէսզի ան ազատ արձակէ առեւանգուած բանակայինները:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներէն, շեշտեց, որ կան ներքին դաւադրութիւններ` հանրապետութեան նախագահութիւնը արտաքին ուժերուն մօտ գերի պահելու նպատակով:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն Ժամիլ Սէյիտ դրուատեց հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի իրագործած ազգային մեծ նուաճումը, որուն շրջագիծին մէջ առեւանգուած բանակայինները վերադարձան Լիբանան:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան շուրջ համաձայնութեան դիմաց կան շարք մը դժուարութիւններ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարի լուծման բանալին կը գտնուի Ռապիէի մէջ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներէն, յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն անդրադառնալ նախագահական թղթածրարին եւ կը նախընտրեն լուռ մնալ:

ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ օդանաւորդութեան տնօրէնութիւնը Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ գործող բոլոր օդանաւային ընկերութիւններէն պահանջեց իրենց ճամբորդներուն թելադրել, որ իրենց թռիչքին ժամէն չորս ժամ առաջ ներկայանան օդակայան:

 

 

 

Նախորդը

Լաւրով Պուտափեշթի Մէջ Հանդիպում Պիտի Ունենայ Չաւուշօղլուի Հետ. Ռուսիա. «Էրտողանն Ու Անոր Ընտանիքը Մասնակից Են ՏԱՀԵՇ-ի Հետ Քարիւղի Գործառքներուն»

Յաջորդը

Մաշնուք. «Նախագահական Ընտրութեան Շուրջ Համաձայնութեան Առումով Յառաջդիմութեան Կարելիութիւնը Լուրջ Է»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?