
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ բանակին եւ երկրին ապահովութեան վերաբերող հարցեր:
Զօր. Քահուաժիի այցելեցին նաեւ ազատ արձակուած բանակայիններն ու անոնց ընտանիքները:
Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Մուսթաֆա Զայէտ երէկ այցելեց զօր. Քահուաժիի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը:
Եարզէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտա, որ բանակի հրամանատարին հետ քննարկեց դատական իշխանութիւններուն վերաբերող հարցեր: