Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 5, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ աղբի տագնապին լուծման առումով մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է` մերժելով այդ մասին մանրամասնութիւններ ներկայացնել: Ան դիտել տուաւ, որ այդ խորհրդակցութիւններէն բխած արդիւնքներուն հիման վրայ այդ թղթածրարը պիտի ներկայացուի կառավարութեան նիստին:

ՄԱԿ-Ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն կոչ ուղղեց վերջ տալու Լիբանանի մէջ նախագահական աթոռի թափուր մնալու երեւոյթին, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց յաւելեալ միջլիբանանեան քաղաքական հաշտութիւններու:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ եւ հաստատած, որ նախագահական թափուր աթոռի երեւոյթին վերջ տալու նախաձեռնութեան մասին արաբական եւ միջազգային համախոհութիւն կայ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն ընդգծեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը լուրջ է` աւելցնելով, որ այդ նախաձեռնութիւնը տեղական է ու ներքին լիբանանեան:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս շեշտեց, որ Պքերքէ կ՛ողջունէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի նախաձեռնութիւնը` նկատի ունենալով հանրապետութեան նախագահութեան իր յանձնառութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ լիբանանեան մակարդակով քաղաքական աշխատանքին կը պակսին քաղաքական միտքն ու գիտակցութիւնը:

Կը նախատեսուի, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ քանի մը օրէն ուղղուի Սէուտական Արաբիա` հանդիպում մը ունենալու համար նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի շեշտեց, որ Ռիատ ողջունած է Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն նախագահ ընտրելու նախաձեռնութիւնը, որովհետեւ ան յանձնառու է հանրապետութեան նախագահութեան:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ վերանորոգում շարժումի ընդհանուր քարտուղար Անթուան Հատտատ յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի անձին շուրջ տակաւին քրիստոնէական համաձայնութիւն եւ հովանաւորութիւն գոյութիւն չունի:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին պաշտօնապէս պիտի առաջադրէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ երկրին նախագահական թափուրի երեւոյթը աւարտելու ընթացքին մէջ կը գտնուի` նշելով սակայն, որ իրենք կարիքը ունին յաւելեալ խորհրդակցութեանց:

 

 

Նախորդը

Փութինի Հետ Դէմ Առ Դէմ Հանդիպում Ակնկալելու Կողքին. Թուրքիան Չի Պատրաստուիր Ռուսիայէն Ներում Հայցելու

Յաջորդը

Նահատակ Բանակային Մոհամետ Համիէի Մարմինը Յանձնուեցաւ Հողին

RelatedPosts

Իսրայէլեան Յարձակումներու  Սաստկացման Զուգահեռ.  Դիւանագիտական Սերտ Շփումներ  Յաւելեալ Թափ Կ՛առնեն
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Յարձակումներու Սաստկացման Զուգահեռ. Դիւանագիտական Սերտ Շփումներ Յաւելեալ Թափ Կ՛առնեն

March 9, 2026
Սուրիոյ Նախագահ Ահմետ Շարեհ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Վարչապետ Սալամի Հետ
Լիբանանեան

Սուրիոյ Նախագահ Ահմետ Շարեհ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Վարչապետ Սալամի Հետ

March 9, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.