Լիբանանեան

Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Տագնապի  Լուծման Նախարարական Սեղմ Կազմի Նիստին

Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Տագնապի Լուծման Նախարարական Սեղմ Կազմի Նիստին

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց տագնապի լուծման նախարարական սեղմ կազմի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն, հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան երկիրը եւ շրջանը յուզող զարգացումները, որոնց շարքին երկրին մէջ իրագործուած ազգային նուաճումը` ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն առեւանգած 16 բանակայիններուն ազատ...

Լարիժանի Կը Շեշտէ Նախագահական  Ընտրութիւն Կատարելու Անհրաժեշտութիւնը

Լարիժանի Կը Շեշտէ Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու Անհրաժեշտութիւնը

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի երէկ Թեհրանի մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Լարիժանի ընդգծեց, որ շրջանին մէջ կան երկիրներ, որոնք զէնք եւ զինամթերք կը տրամադրեն ահաբեկիչներուն: Ան շեշտեց, որ այդ երկիրները պէտք է զգուշ ըլլան իրենց սխալին, որպէսզի շրջանային մակարդակի վրայ տիրող ապահովական տագնապը յաւելեալ բարդացում չապրի: Լարիժանի շեշտեց...

Պնաշհիի Մէջ .  «Լիայոյս Ենք, Որ Մօտիկ Ապագային  Պիտի Ունենանք Հանրապետութեան Նախագահ Մը»   Շեշտեց Աքրամ Շեհայէպ

Պնաշհիի Մէջ . «Լիայոյս Ենք, Որ Մօտիկ Ապագային Պիտի Ունենանք Հանրապետութեան Նախագահ Մը» Շեշտեց Աքրամ Շեհայէպ

Շեհայէպ եւ Ֆրենժիէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշհիի մէջ ընդունեց երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութեան մէջ Շեհայէպ յայտնեց, որ իրենք լիայոյս են, որ մօտիկ ապագային պիտի ունենան հանրապետութեան նախագահ մը` վստահելով Լիբանանի ղեկավարներուն իմաստուն կեցուածքներուն: «Եթէ կան որոշ տարակարծութիւններ, ապա զանոնք կարելի է փարատել խորհրդակցութիւններուն ընդմէջէն: Նկատի ունենալով...

Առեւանգուած Բանակայիններուն Ազատ Արձակումին  Առումով Ապու Ֆաուր Հաստատեց  Լիբանանեան Պետութեան Յանձնառութիւնը

Առեւանգուած Բանակայիններուն Ազատ Արձակումին Առումով Ապու Ֆաուր Հաստատեց Լիբանանեան Պետութեան Յանձնառութիւնը

Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած բանակայիններուն հարազատները` նշելով, որ իրենք կը փնտռեն տեղական եւ շրջանային լծակներ, որոնց շնորհիւ կարելի կը դառնայ առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակումը: Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ տագնապի լուծման նախարարական սեղմ կազմը այդ թղթածրարին լուծման ընթացագիծ մը պիտի մշակէ: Առեւանգուած բանակային Իպրահիմ Մղայթի եղբայրը` Նիզամ Մղայթ յայտնեց, որ իրենք բարձր...

Բանակը Արսալի Մէջ Որդեգրած  Իր Ապահովական Միջոցառումները  Փոփոխութեան Պիտի Չենթարկէ

Բանակը Եւ Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերը Ձերբակալեցին Ահաբեկչութեան Խմբաւորումի Անդամներ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը հիւսիսային Լիբանանի մէջ ձերբակալած է ահաբեկչական խմբաւորումի անդամ Ժիհատ Ահմետ Ղազին, որ լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած Մոհամետ Ահմետ Սաթեմի եւ Ուտէյ Ահմետ Մուսայի հետ կապի մէջ է: Ղազի հարցաքննութեան ընթացքին յայտնեց, որ Սաթեմը Ուատի Խալետի էմիր նշանակուելէն ետք կազմած է փոքր խմբակ մը, որուն անդամները ականուած...

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Իր Տեսակէտը  Կը Հիմնէ Նախագահական Թեկնածուին  Ծրագիրին Վրայ, Եւ Ոչ Թէ Անոր Անձին

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Իր Տեսակէտը Կը Հիմնէ Նախագահական Թեկնածուին Ծրագիրին Վրայ, Եւ Ոչ Թէ Անոր Անձին

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ նախագահեց կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի նիստին, որմէ ետք յայտարարուեցաւ հետեւեալը. «Նախագահական ընտրութեան առումով Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը իր տեսակէտը կը հիմնէ նախագահական թեկնածուին ծրագիրին վրայ, եւ ոչ թէ անոր անձին: Ազգային սկզբունքներուն եւ համախոհութեան առումով պատկերը պէտք է ըլլայ ամբողջական` նկատի ունենալով, որ անոնք կը կազմեն նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան սկզբունքները, քաղաքականութիւնն ու պայքարը»: Նշենք, որ Ժեմայէլ...

Ֆատլալլա. ««Արապսաթ»-ի Կողմէ «Մանար»-ի  Սփռումը Կասեցնելը Քաղաքական Որոշում Է»

Ֆատլալլա. ««Արապսաթ»-ի Կողմէ «Մանար»-ի Սփռումը Կասեցնելը Քաղաքական Որոշում Է»

Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա երէկ նախագահեց յանձնախումբին արտակարգ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ «Արապսաթ»-ի կողմէ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին սփռումը կասեցնելու քայլը: Նիստին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ: Նիստէն ետք Ֆատլալլա շեշտեց, որ «Մանար»-ի սփռումը կասեցնելը քաղաքական որոշում է եւ թիրախ կը դարձնէ Լիբանանի մէջ մամլոյ ազատութիւնը: Ան աւելցուց, որ այդ որոշումը...

Ռայի Պատրիարքը Կը Շարունակէ Սուրիա  Կատարած Իր Հովուապետական Այցելութիւնը

Ռայի Պատրիարքը Կը Շարունակէ Սուրիա Կատարած Իր Հովուապետական Այցելութիւնը

Ռայի պատրիարքը Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ շարունակեց Սուրիա կատարած իր հովուապետական այցելութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ այցելեց Լաթաքիոյ մարոնի համայնքի վանական համալիրը, ուր շեշտեց, որ քաջութիւնը խաղաղութիւն կերտելուն, մարդկային իրաւունքները յարգելուն եւ արդարութիւնը բանեցնելուն մէջ է եւ ոչ թէ սպանութեան, վայրագութեան, պատերազմի եւ բռնարարքներուն: Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ իր այցելութեան նպատակն է մարոնի համայնքի Հալէպի նոր առաջնորդի` Ժոզեֆ Թուպաժիի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այցելուներուն համաձայն, ան ըսած է, թէ ճիշդ չեն այն ամբաստանութիւնները, թէ իսլամները կ՛ընտրեն Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը: Անոնք նշեցին, որ մարոնի համայնքն է, որ ճշդած է իր չորս ներկայացուցիչները: ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռոնի Արայժի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակի հետ: ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ Լիբանանի...

Պըրրի – Ապու Ֆաուր Հանդիպում

Պըրրի – Ապու Ֆաուր Հանդիպում

Ալի Հասան Խալիլ, Ապու Ֆաուր եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ գործուղուած ներկայացուցիչ, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը` ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի: Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է նախագահական ընտրութեան իմաստով արձանագրուած զարգացումները` աւելցնելով, որ ներկայիս Լիբանանի ապրած երկունքը բնական է...

Ժոմպլաթ Ընդունեց Ազատ Արձակուած  Բանակայիններն Ու Անոնց Հարազատները

Ժոմպլաթ Ընդունեց Ազատ Արձակուած Բանակայիններն Ու Անոնց Հարազատները

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շաբաթավերջին Մուխթարայի պալատին մէջ ընդունեց ազատ արձակուած բանակայիններն ու անոնց հարազատները, ինչպէս նաեւ տակաւին առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները: Հանդիպումին ընթացքին Ժոմպլաթ շեշտեց, որ այնքան ատեն որ տակաւին ինը բանակայիններ առեւանգուած կը մնան, իրենց ուրախութիւնը կիսատ է եւ պակասաւոր: Ժոմպլաթ զարմանք յայտնեց, որ ինչպէ՛ս կարգ մը պաշտօնատարներ չեն անդրադարձած ազատ արձակման բանակցութիւններուն իմաստով խորհրդարանի նախագահ...

Մոհամետ Համզէ Ինքզինք Պայթեցուց`  Բանակին Կողմէ Չձերբակալուելու Համար

Մոհամետ Համզէ Ինքզինք Պայթեցուց` Բանակին Կողմէ Չձերբակալուելու Համար

Մոհամետ Համզէ Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Տէյր Աամարի մէջ լիբանանեան բանակը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն ներխուժեց ահաբեկիչ Մոհամետ Համզէի բնակարանը` զայն ձերբակալելու նպատակով: Համզէ երկու ձեռնառումբ նետեց բանակայիններուն վրայ` պատճառելով 7 վիրաւոր, ապա ականուած գօտիով մը ինքզինք պայթեցուց` սպաննելով նաեւ իր երկու հարազատները: Հաղորդագրութեան համաձայն, Համզէ 2014-ին Թրիփոլիի Մանքուպին եւ Պըտտաուի շրջաններուն մէջ...

Ֆրենժիէ. «Զօր. Աունի Հետ  Տարակարծիք Պիտի Չըլլանք»

Ֆրենժիէ. «Զօր. Աունի Հետ Տարակարծիք Պիտի Չըլլանք»

Սլէյման Ֆրենժիէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ շաբաթավերջին հաստատեց, որ ո՛ւր ալ ըլլան, ի՛նչ ալ կատարեն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ տարակարծիք պիտի չըլլան:

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Ուղղեց Առաջադրուած  Նախաձեռնութիւնը Լրջօրէն Ուսումնասիրելու`  Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու Նպատակով

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Ուղղեց Առաջադրուած Նախաձեռնութիւնը Լրջօրէն Ուսումնասիրելու` Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու Նպատակով

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ  Լիբանան տարբեր մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութեան տիպար օրինակն է: «Մենք պէտք է պահպանենք այս օրինակը եւ ամրապնդենք անոր ազգային դիմագիծը, միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը», ըսաւ ան: Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանանի ունեցած այս առաւելութիւնը անոր սահմանադրական թէ այլ հաստատութիւնները պահպանելու...

Ժամիլ Սէյիտ. «Անկարելի Է, Որ Ժահժահ  Զօր. Աունի Թեկնածութիւնը Առաջադրելու  Յանդգնութիւնը Ունենայ»

Ժամիլ Սէյիտ. «Անկարելի Է, Որ Ժահժահ Զօր. Աունի Թեկնածութիւնը Առաջադրելու Յանդգնութիւնը Ունենայ»

Ժամիլ Սէյիտ Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժամիլ Սէյիտ շաբաթավերջին յայտնեց, որ անկարելի է, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ յանդգնութիւնը ունենայ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը պաշտօնապէս առաջադրելու: Սէյիտ շեշտեց, որ ասիկա Ժահժահի կողմէ խուսանաւում է եւ զօր. Աունի ու Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի միջեւ դաւադրութիւն մը գործելու քայլ մը:...

Ռաատ. «Ո՛վ Որ Կը Փափաքի Ահաբեկչական  Խմբաւորումներէն Ձերբազատիլ,  Պէտք Է Զանոնք Իրենց Արմատէն Ջնջէ»

Ռաատ. «Ո՛վ Որ Կը Փափաքի Ահաբեկչական Խմբաւորումներէն Ձերբազատիլ, Պէտք Է Զանոնք Իրենց Արմատէն Ջնջէ»

Մոհամետ Ռաատ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ յայտնեց, որ հաւատադրժողական ահաբեկիչները պարզապէս զինեալներ չեն, այլ ամբողջ մտայնութիւն մը քանդող կազմակերպութիւններու անդամներ: «Ո՛վ որ կը փափաքի ահաբեկչական խմբաւորումներէն ձերբազատիլ, պէտք է զանոնք իրենց արմատէն ջնջէ», շեշտեց Ռաատ:

Զօր. Սլէյման. «Պաապտայի Յայտարարութեան»  Նպատակը Այլ Երկիրներու Մէջ  Լիբանանցիներուն Կռիւին Վերջ Տալն Է»

Զօր. Սլէյման. «Պաապտայի Յայտարարութեան» Նպատակը Այլ Երկիրներու Մէջ Լիբանանցիներուն Կռիւին Վերջ Տալն Է»

  Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ձեռնարկի մը ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարեց «Հանրապետութեան հանդիպում» շարժումին հիմնադրութիւնը: Զօր. Սլէյման շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը հայրենիքին ու ժողովուրդին բանակն է եւ ոչ թէ լիբանանեան վարչակարգին բանակը: «Բանակը փաստեց, որ ինք ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու կամքն ու կորովը ունի եւ դրացի երկիրներու բանակներուն չի նմանիր», ըսաւ ան: Զօր. Սլէյման շեշտեց, որ ինք եղած է առաջին...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ երբ հարցը կը վերաբերի Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ նախընտրութեան, ապա նախապատուութիւնը կ՛երթայ զօր. Աունին: ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթասկիզբին պիտի վերադառնայ Պէյրութ, ուր պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը` նախագահական ընտրութեան: Ըստ...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն  Ընդունեց Փաղանգաւոր  Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Աւետիս Կիտանեան եւ Րաֆֆի Աշգարեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Փաղանգաւոր կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ կուսակցութեան փոխնախագահ Սելիմ Սայէղի, կուսակցութեան նախկին քարտուղար, խորհրդատու Միշել Խուրիի եւ քաղաքական խորհուրդի անդամ Փիեռ Ժալըխի: Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այս բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը ընդունած են`  լիբանանցիները եւ վստահաբար նաեւ քրիստոնեաները հետաքրքրող նախագահական...

Ֆրենժիէ – Հոլլանտ  Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Ֆրենժիէ – Հոլլանտ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտէն: 15 վայրկեան տեւած հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցեր:

Page 879 of 986 1 … 878 879 880 … 986

Արխիւներ