Երէկ գիշեր Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում ունեցաւ Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ յայտնեց, որ «անհամբեր կը սպասէինք Ռայի պատրիարքին վերադարձին` անոր այցելելու համար, որովհետեւ դէպքերը արագ ընթացան, եւ ան երկրէն դուրս էր: Եկանք զինք մթնոլորտին մէջ դնելու, ներկայացուցի, թէ ինչպէ՛ս եղան հարցերը, մենք զմեզ զետեղեցինք անոր տրամադրութեան տակ եւ Աստուծմէ բարին»:
Ֆրենժիէ հաստատեց. «Մեր նպատակը նախագահութեան հասնիլը չէ, այլ հարցերը լուծելը, եւ եթէ նախագահ ըլլալու իմաստով ընտրանքը իմ անունիս վրայ կեդրոնանայ, ապա պէտք է հարցերուն լուծումներ գտնեմ: Ես միշտ Պքերքէի հովանիին տակ եմ»:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երեկոյեան վերադարձաւ Պէյրութ` աւարտելէ ետք Գերմանիա կատարած իր հովուապետական այցելութիւնը:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ իր կատարած յայտարարութեան մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ ինք բոլոր հեղինակութիւններուն հետ պիտի խորհրդակցի` Լիբանանը փրկելու համար մէկ տարի եւ եօթը ամիս տեւած նախագահական թափուր աթոռի դրութենէն:
«Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը առաջադրելու մասին լուրերը իմացանք եւ այդ մասին խորհրդակցութիւններ պիտի կատարենք բոլոր հեղինակութիւններուն հետ, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ելքի մը հասնիլ: Առաջադրուած այս նախաձեռնութիւնը ողջունելի է` նկատի ունենալով, որ երկար ժամանակէ ի վեր քաղաքական ուժերէն պահանջած ենք նախաձեռնութիւններ», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ հիմնական մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ հանրապետութեան պաշտպանութիւնը եւ լիբանանցիներուն ապահովութիւնը:
Ան նաեւ նշեց, որ այս նախաձեռնութեան մանրամասնութիւնները ինք վաղը պիտի իմանայ Ֆրենժիէի հետ ունենալիք իր հանդիպումին ընթացքին, ապա պիտի խորհրդակցի քրիստոնեայ եւ իսլամ բոլոր կողմերուն հետ` շեշտելով ազգային համախոհութեան անհրաժեշտութիւնը:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահը ամբողջ Լիբանանին եւ բոլոր լիբանանցիներուն կը պատկանի: